ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ձմեռնային փառատօն

մրտ 22, 2025 Միջոցառումներ

winterfest (1) 
 

Փետրուարը գիրքառատ, գրական հանդիպումներով առատ ամիս է։ Ամիսը սկսած է Վահան Տէրեանի, Կոստան Զարեանի, Հրանդ Մատթէոսեանի, Ռուբէն Սեւակի յոբելեաններով։ Երկու օրէն ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն է, որ 2008-էն ի վեր մեր երկրին մէջ վերածուած է Գիրք նուիրելու օրուան։ Ազգային գրադարանը միջոցառումներու շարք մը ունի փետրուար 19-ին, ժամը՝ 11։30-էն սկսեալ։

winterfest (2)


Այս օրերուն Ազգային գրադարանի ընթերցողներու գրանցման բաժինը գրադարանի ծառայութիւնները կ՚առաջարկէր Նիումեկ հրատարակչութեան ձմեռնային փառատօնի այցելուներուն՝ ներկայացնելով գրադարանին վերջին տարիներու հրատարակութիւնները։

Փառատօնին ընթացքին տասնեակ նոր ընթերցասէրներ ընթերցողական տոմսեր ստացան՝ համալրելով գրադարանի ընթերցողներուն ստուար բանակը։ Իսկ Ազգային գրադարանի «Բանաստեղծական խցիկ» կոչուող արուեստի զետեղման մէջ այցելուները վայելեցին արեւմտահայ բանաստեղծութեան գեղեցկութիւնը։

winterfest (3)