ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Վարպետը՝ Ազգային գրադարանին մէջ. 150 ցուցանմուշ»

մյս 21, 2025 Նորութիւններ

IMG-0387-1-1

 

Ապրիլ 22-ին, ժամը՝ 14։00-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանը Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին հետ համատեղ, միջթանգարանային համագործակցութեան շրջանակէն ներս կը կազմակերպէ «Վարպետը՝ Ազգայինգրադարանին մէջ. 150 ցուցանմուշ» խորագրով միջոցառում մը։ Հայաստանի ազգային գրադարանի մեծ ցուցասրահին մէջ պիտի ներկայացուին հազուագիւտ հրատարակութիւններ, ինքնագիրներով, ընծայագիրներով գիրքեր եւ այլ բացառիկ նմուշներ։ Ցուցահանդէսի բացումին պիտի յաջորդէ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին պատրաստած «Վարպետը» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը։ Մուտքը ազատ է։ Հասցէն՝ Տէրեան 72։