ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ճանչցուած լրագրող Իրինա Թոսունեանը իր մակագրութեամբ երեք ուշագրաւ գիրք նուիրեց ՀԱԳ-ին

հնս 11, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ


գրքեր

Օրերս գրադարան այցելած էր ճանչցուած լրագրող Իրինա Թոսունեանը։ Ան իր մակագրութեամբ երեք ուշագրաւ գիրք նուիրեց գրադարանին։ Բացի իր հեղինակած գիրքերէն, ան գրադարանին վերադարձուց նաեւ 1960-ական թուականներուն իր պապուն կողմէն գրադարանէն վերցուած հետաքրքրական ճակատագրով գիրք մը, որ լոյս տեսած է 19-րդ դարուն վերջը Փեթերսպուրկի մէջ։ Մագդա Նէյման ծածկանունով «Հայերը. անոնց պատմութեան եւ ներկայ վիճակի յամառոտ ուրուագիծը» գիրքը ծանօթ է հայագէտներուն եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան հարցերով հետաքրքրուող պատմաբաններուն։

գիրք

Գիրքը բաժանուած է 4 մասերու։ Հեղինակը ներկայացուցած է հարեւան ժողովուրդներու կեանքին մէջ հայերուն դերը, անդրադարձած է ասորիներուն, միտիացիներուն, պարթեւներոնւ, հռոմէացիներուն, բիւզանդացիներուն, արաբներուն, օսմանեան թուրքերուն եւ այլոց հետ հայերուն առնչութիւններուն, ներկայացուցած է Կիլիկիան Հայաստանը, Թորոս Ա.-ի եւ Բ.-ի, Լեւոն Բ.-ի գահակալման տարիներուն։ Այս պատմութեան ամէնէն ուրախալի դրուագը գիրքին վերադարձն է։ Այն, որ տասնեակ տարիներ անց Ազգային գրադարանին գիրքը կրկին իր տեղը կը գտնէ հայագիտական հրատարակութիւններու «Արմենիքա» հաւաքածոյին մէջ եւ կը շարունակէ ծառայել այսօրուան եւ վաղուան հետազօտողներուն։ Այնպէս որ ուշադիր ստուգեցէք ձեր ընտանեկան գրադարանները եւ եթէ գրադարանին կնիքով գիրք գտնէք՝ վերադարձուցէք գիրքերը եւ նոր կեանք տուէք ատոնց։

թուղթ