ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ճամաչողական այց Հայաստանի ազգային գրադարան

մրտ 11, 2024 Միջոցառումներ-arm Ցուցահանդեսներ

mannkhmm 
 

Ճանաչողական այցելութեամբ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը գտնուէին Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի երկրորդ տարուան ուսանողները՝ դասախօսներ Մարիամ Եղեանի եւ Սերկէյ Պարխուտարեանի ուղեկցութեամբ։

Անոնք այցելեցին գրադարանին գրատպութեան թանգարանը, գտնուեցան թամանեանական մեծ եւ փոքր դահլիճներուն մէջ, ծանօթացան հանրային կապերու, թուայնացման եւ գրանցման բաժիններու աշխատանքներուն։ Ուսանողները հետաքրքրութեամբ դիտեցին Պարոյր Սեւակի 100-ամեակին եւ «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի առաջին հրատարակութեան 150-ամեակին նուիրուած գրքային ցուցահանդէսները։

Հանրային կապերու բաժինի աշխատակիցները ուսանողներուն համար բացայայտեցին առաւել ուշագրաւ գիրքերը եւ հրատարակութիւնները, որոնց շուրջ բուռն քննարկումներ ծաւալուեցան։ Որպէս պատմաբաններ՝ անոնք շատ տպաւորուած էին ցուցադրութիւններով եւ անգամ իրենց համար որոշ բացայայտումներ ըրին։

mankham 
 

Ընթերցասէր ուսանողները կանգ առին նաեւ «Փետրուարը գրականութեան մէջ» ցուցափեղկին առջեւ, ուր ծանօթ-անծանօթ նոր հեղինակներ ու գիրքեր տեսնելով՝ յանպատրաստից քննարկում ըրին ընթերցած-ընթերցելիք գիրքերուն հարցով։ Ազգային գրադարանի փոխտնօրէնուհի Հայկանոյշ Ղազարեանը պատմեց գրադարանին անցած ճանապարհին, այս տարի գրադարանին կողմէ նշուող յոբելենական տարեթիւերուն, թամանեանական շէնքին կառուցման եւ գրադարանի հարուստ պահուստներուն վերաբերեալ։ Ուսանողներէն մի քանին անդամագրուեցան գրադարանին եւ խոստացան վերադառնալ՝ այս անգամ նաեւ որպէս գրադարանի ընթերցողներ։