Հեռախոսահամար
նմբ 18, 2024 Նորութիւններ
Նոյեմբեր 15-ին Հայաստանի ազգային գրադարանի նախաձեռնութեամբ սեմինար-խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ հայկական ամէնէն մեծ ելեկտրոնային ցանկի՝ Հայաստանի գրադարաններու համահաւաք ցանկի կազմութեան մասնակից գրադարաններու աշխատողներուն համար։ Միեւնոյն ատեն առերես եւ առցանց կազմակերպուած սեմինարին մասնակցեցան Մատենադարանի, Խնկո Ապոր անուան ազգային մանկական, Հայաստանի ԳԱԱ հիմնարար, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի, Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանի, բոլոր մարզային գրադարաններու աշխատողները։
Խորհրդակցութիւնը վարեց Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը։ Ներկայիս Համահաւաք ցանկին վրայ կայ աւելի քան 1.5 միլիոն մատենագիտական գրառում, որմէ շուրջ 1 միլիոնը մուտքագրուած է Ազգային գրադարանի աշխատակիցներուն կողմէ։ Ելեկտրոնային ցանկը կը գործէ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր, որուն կազմութեան կը մասնակցին մեր երկրի երկու տասնեակ հանրային, գիտական, համալսարանական եւ մարզային գրադարաններ։ Բնականաբար, նման ծաւալի աշխատանքի մէջ կրնան ըլլալ բացթողումներ եւ սխալներ։
Ներկայ սեմինար-խորհրդակցութեան հրաւիրման նպատակը աշխատանքներու համակարգման յստակացումն էր, մատենագիտական գրառումներու միասնականացումը, սխալները արագ ուղղելու գործիքակազմերու ստեղծումը եւ այլն։
Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարութեան տրամադրած դրամամիջոցներով 2024 յունուարին նոր հարթակ մը գործարկուած է, եւ համահաւաք ցանկը փոխադրուած է շատ աւելի արագագործ տիրոյթ։ 2024 թուականին Շիրակի մարզային գրադարանը սկսած է ընթերցողներու ելեկտրոնային սպասարկումը։ 2025 թուականին ընթերցողներու ելեկտրոնային գրանցում եւ սպասարկում պիտի ներդրուի նաեւ Արմավիրի մարզային գրադարանին մէջ։ Յառաջիկային կը նախատեսուի ԿՈՀԱ գրադարանային գործընթացներու կառավարման համակարգը ներդնել ԿԳՄՄ նախարարութեան ենթակայ բոլոր 12 գրադարաններուն մէջ։
Խորհրդակցութիւնը արդիւնաւէտ անցաւ։ Այսուհետեւ նման խորհրդակցութիւնները պարբերաբար պիտի կազմակերպուին։ Հայաստանեան գրադարաններու համատեղ աշխատանքի պտուղը՝ https://armunicat.nla.am/ Հայաստանի գրադարաններու կողմէ 21-րդ դարուն ստեղծուած ամէնէն արժէքաւոր եւ օգտակար տեղեկատուական շտեմարաններէն մէկն է։