Հեռախոսահամար
հլս 15, 2025 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
Ազգային գրադարանը հերթական անգամ համալրուեցաւ հայագիտական արժէքաւոր հրատարակութեամբ մը: Պորիս Աճեմեանի վերջին բացառիկ աշխատութիւնը՝ «Գրադարանը եւ վերապրողը» (La Bibliothèque et le survivant) արդէն Ազգային գրադարանի հայագիտական հաւաքածոյին մէջ է։ Փարիզի Նուպարեան գրադարանի տնօրէն, պատմաբան Պորիս Աճեմեանը, որ տարիներ շարունակ կ’ուսումնասիրէ հայկական սփիւռքի պատմութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը, որպէս յարգանքի եւ գիտակրթական համագործակցութեան խորհրդանիշ, արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Գրադարանին կը նուիրէ հայագիտական արժէքաւոր աշխատութիւններ։
- «La Bibliothèque et le survivant», հրատարակուած է «Éditions Anamosa» հրատարակչութեան կողմէ, 2025 թուականին։ Ներդիր նկարները գլխաւորապէս առնուած են Փարիզի Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյէն. ▪ Լուսանկարիչներ՝ Abel Minassian, Harout Bezdjian, Martin Argyroglo ▪ Ձեւաւորում՝ Helmo ▪ Նկարազարդում՝ Magali Cazalis ▪ Քարտէսներ եւ գծապատկերներ՝ Aurélia Boissière ▪ Խմբագիր՝ Marie-Pierre Lajoie Աշխատութիւնը կ’առանձնանայ իր իւրայատուկ կառուցուածքով՝ համադրելով երկու ճակատագրի պատմութիւն: - Արամ Անտոնեան. Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած վկայ, պատմութեան արձանագրող եւ յիշողութեան կրող: - Նուպարեան գրադարան. Փարիզի մէջ գործող մշակութային հաստատութիւն մը, որ դարձած է հայկական պատմական յիշողութեան պահապան։ Գիրքին մէջ կը ներկայացուի, թէ ինչպէ՛ս Արամ Անտոնեանը, վտանգի պայմաններու մէջ, անձամբ փրկած է արժէքաւոր փաստաթուղթերն ու գիրքերը՝ ապահովելով անոնց շարունակական գոյութիւնը։ Գիրքի առանցքային նիւթերն են՝ Հայոց ցեղասպանութեան վաւերագրումը, մշակութային յիշողութիւնը եւ վերջապէս՝ գրադարաններու պատմական եւ խորհրդանշական դերակատարութիւնը այս գործին մէջ։
Յիշեցնենք, որ 2024 թուականին Պորիս Աճեմեանը Ազգային գրադարանին նուիրած էր նաեւ իր մէկ ուրիշ կարեւոր աշխատութիւն մը՝ «The brass band of the king: Armenians in Ethiopia» գիրքը, որ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած քառասուն որբերու եւ անոնց խմբավար Գէորգ Նալպանտեանի մասին, որոնք 1924 թուականին Եթովպիոյ կայսր Հայլէ Սելասիէն Երուսաղէմէն հրաւիրեց՝ փողային նուագախումբ կազմելու նպատակաւ։ Նալպանտեանը յետագային դարձաւ նաեւ Եթովպիոյ պետական օրհներգի հեղինակը եւ հայկական համայնքի մշակութային առանցքային դէմքերէն մէկը։ Այս նուիրատուութիւնները Հայաստանի եւ սփիւռքի գիտամշակութային հաստատութիւններու միջեւ գործընկերային համագործակցութեան կարեւոր վկայութիւններ են։ #ԱզգայինԳրադարան #ՆուպարեանԳրադարան #ՊորիսԱճեմեան #ԱրամԱնտոնեան #ԳէորգՆալպանտեան #Եթովպահայեր