Հեռախոսահամար
դկտ 06, 2023 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ
Մարտիրոս Սարեան, Յակոբ Կոջոյեան, Միքայէլ Արուտչեան, Տաճատ Խաչվանքեան… Արուեստագէտներու ամբողջ համաստեղութիւն մը ներգրաւուած էր գրահրատարակչական ոլորտէն ներս՝ Հայաստանի պետական հրատարակչութեան գեղարուեստական բաժնի վարիչ Եղիշէ Չարենցի նախաձեռնութեամբ:
Հայաստանի ազգային գրադարանի ընթերցողները, հիւրերը, այցելուները բացառիկ հնարաւորութիւն մը ունեցան հաղորդակցելու նախորդ դարու երեսունականներուն գրական-հրատարակչական ոգիին, մեծն Չարենցի խմբագրութեամբ ու հայ մեծանուն նկարիչներու նկարազարդումներով հրատարակուած բազմաթիւ գիրքերու առաջին օրինակներուն:
Թամանեանական փոքր ցուցասրահէն ներս գրքային ձեւաւորումներու ցուցադրութեան առիթը գրադարանին կազմակերպած «Հեքիաթը Մարտիրոս Սարեանի արուեստին մէջ եւ հայկական հեքիաթներու սարեանական նկարազարդումները» խորագրով հանրային դասախօսութիւնն էր:
Ազգային գրադարանի ցուցադրութեան բացառիկ արժէքը հաւաստեցին նաեւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի ցուցահանդէսի համադրողներ Հայկուհի Սահակեանն ու Սեդա Խանճեանը: Գրքարուեստի, գրքային ձեւաւորումներու մասնագէտ, մեծն նկարիչ Գրիգոր Խանճեանի դուստր Սեդա Խանճեանը գոհունակութեամբ նշեց, որ իրեն համար բացայայտում էին որոշ գիրքերու ձեւաւորումներ, մասնաւորապէս Ակսէլ Բակունցի «Անձրեւը»՝ Յակոբ Կոջոյեանի եւ Գեղամ Սարեանի «Միջօրէն»՝ Յովհաննէս Շաւարշի ձեւաւորմամբ:Ցուցահանդէսը գրադարանէն ներս բաց էր աւելի քան մէկ ամիս, որուն ընթացքին հարիւրաւոր այցելուներ հնարաւորութիւն ունեցան առնչուելու հայ հրատարակչական արուեստի անցեալ դարու լաւագոյն նմուշներուն հետ։