ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Օտար ճանապարհորդները եւ հայագէտները Հայաստանի մասին

օգս 05, 2024 Նորութիւններ

aelita 
 

Գրականագէտ Այլիթա Տոլուխանեանի «Հայ Բագրատունիներու մայրաքաղաք Անին օտարազգի հայագէտներու եւ ճանապարհորդներու գնահատմամբ» գիրքին մէջ ներկայացուած են անգլիացի, ֆրանսացի, գերմանացի, ռուս ճանապարհորդներու եւ հայագէտներու գնահատականները: Անիի ճարտարապետութիւնը բարձր գնահատած են ֆրանսացի հայագէտ, Անիի առաջին մեծ հետազօտող Մարի Ֆելիսիթէ Պրոսսէն, հայագէտներ Ժաք տէ Մորկանը, Շարլ Տիլին եւ Էտուարտ Տիւլորիէն, գերմանացի երկրաբան Ապիխը, վրացի արեւելագէտ եւ հայագէտ Նիկողայոս Մառը եւ ուրիշներ։ Գիրքը ունի անգլերէն ու ֆրանսերէն ծաւալուն վերջաբաններ, որոնք կ’օգնեն օտարազգիներուն իմանալու Մեծ Հայքի տիեզերահռչակ քաղաքի ճշմարիտ պատմութիւնը:

Ինչպէս նշած է տիկին Տոլուխանեանը. «Անին ոչ թէ երկրային, այլ երկնային բացառիկ երեւոյթ մըն է: Եւ պատահական չէ, որ շատ պատմիչներ ու հետազօտողներ հայոց երբեմնի մայրաքաղաքը կոչած են «տիեզերական Անի»: Գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Հայաստանի ազգային գրադարանի Գրականութեան հանրահռչակման բաժնի կողմէ համակարգուող «Աջակցութիւն ստեղծագործողներուն, հետազօտողներուն եւ թարգմանիչներուն» դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակէն ներս։