Հեռախոսահամար
օգս 22, 2024 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ
Հին Հայաստանի մէջ օգոստոսը եղած է տարուան առաջին ամիսը եւ կոչուած է նաւասարդ։ Հայոց տոմարի սկիզբը կապուած է Հայկ Նահապետի՝ Բելի դէմ տարած յաղթանակին հետ եւ այն սկսած է օգոստոս 11-ին։ Հայաստանի ազգային գրադարանը առանձնացուցած է շարք մը գիրքեր, որոնք ամառնային օրերուն, կեանքի նոր սկզբի եւ մարտահրաւէրներու բնաբաններով են:
«Օգոստոսը գրականութեան մէջ» խորագիրը կրող ցուցադրութիւնը բոլոր ընթերցողներուն համար է, ովքեր հետաքրքրական հեղինակներ եւ գիրքեր կը փնտռեն իրենց ամառնային ընթերցանութեան համար: Տեսանիւթին մէջ կրնաք տեսնել Անոյշ Սարգսեանի, Հրանդ Մատթէոսեանի, Ֆրանսիս Սքոթ Ֆիցճերալտի, Խալետ Հոսէյնիի, Ժիւլ Վեռնի, Խաւիէր Մարիասի, Կի տէ Մոփասանի, Սթենտալի եւ այլ հեղինակներու գիրքեր. ինչպէս կ’ըսեն՝ իւրաքանչիւր ճաշակի համար։ Գրադարանէն առէք ձեր նախընտրած գիրքը եւ լեցուցէք օգոստոսեան օրերը ամառնային ընթերցանութեամբ: Յիշեցէ՛ք, որ գիրքերը մեր լաւագոյն բարեկամներն են, որոնք մեզի նոր գաղափարներ, երազանքներ եւ յուշեր կու տան: