ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Օգոստոսի 18-ին կը նշուի վատ բանաստեղծութեան օրը

սպտ 04, 2024 Նորութիւններ

ցվցվց 
 

Գիտէի՞ք, որ օգոստոս 18-ին Վատ բանաստեղծութեան օրը կը նշուի 2010-էն ի վեր: Օրը վատ բանաստեղծութիւնը ծաղրելու համար չէ: Ուղղակի բանաստեղծութեան մասին խօսելու առիթ է: Բանաստեղծութիւնը արդէն հազարամեակներ է մեզի հետ է՝ շումերական «Կիլկամէշ» դիւցազնավէպէն սկսեալ: Բանաստեղծութիւնը «կ’օգտագործէ լեզուի գեղագիտական եւ ռիթմիկ որակներ», որոնք սովորաբար դուրս կը մնան արձակ գրուածքէն։

«Արուեստով զբաղածը, կարեւոր չէ՝ ատիկա լաւ ընէ, թէ վատ, հոգւոյդ կ’օգնէ աճիլ, ի սէր բոլոր սուրբերու: Երգեցէք ցնցուղի տակ, պարեցէք ձայնասփիւռի ռիթմերով, պատմութիւններ պատմեցէք, բանաստեղծութիւն գրեցէք ընկերոջը, նոյնիսկ՝ վատ բանաստեղծութիւն: Հնարաւորինս լաւ ըրէք ատիկա: Հսկայական պարգեւ կը ստանաք: Դուք որեւէ բան ստեղծեցիք». Քուրթ Վոնեկութ

Նոր բան ստեղծելէ զատ, մենք այսօր կրնանք արդէն իսկ ստեղծուած լաւ բանաստեղծութիւններ կարդալ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս ու գրադարանին հետ: Սիրելի ընթերցողներ, մեկնաբանութիւններու դաշտին մէջ գրեցէք ձեր սիրելի կամ ձեր մտքով անցած բանաստեղծութիւնը: