Հեռախոսահամար
օգս 18, 2023 Պաշտօնական Նորութիւններ
Յունիս 12-ին, Հայաստանի ազգային գրադարան այցելած էր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանուհի, դոկտոր Նորա Արիսեանը։ Բանասէր, գրող, թարգմանիչ եւ արեւելագէտ Նորա Արիսեանը ճանչցուած անուն մըն է հայ-սուրիական յարաբերութիւններու ասպարէզէն ներս։ Անոր վաստակը բարձր գնահատուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ։
Տիկին դեսպանը շուրջ մէկ ու կէս տասնեակ հայերէն եւ արաբերէն գիրքերու հեղինակ է։ Նորա Արիսեանը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան օրէնսդիր մարմնին մէջ ընտրուած առաջին հայ կին երեսփոխանն է։ Զրոյցին ընթացքին, կողմերը Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Սուրիոյ գրադարաններուն միջեւ մշակութային համագործակցութեան եւ գիրքի փոխանակութեան ծրագիրներ քննարկեցին։ Առանձնայատուկ կարեւորուեցաւ հայ գաղթավայրերուն մէջ լոյս տեսած եւ ներկայիս տպագրուող մամլոյ թուայնացման խնդիրը։
Յառաջիկային, Ազգային գրադարանը պիտի համալրուի արաբերէն հայագիտական գրականութեամբ։ Դեսպանուհին սիրայօժար խոստացաւ աշնան հանրային դասախօսութեամբ մը հանդէս գալու գրադարանէն ներս։