ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Նուիրատուութիւնները կը շարունակուին

օգս 05, 2024 Նորություններ-arm Նուիրատուութիւններ

sspp 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանը ստացած է բանասէր, խմբագիր, թարգմանիչ, բանասիրական գիտութեանց թեկնածու Սեւակ Ղազարեանի նուիրատուութիւնը։ Ան գրադարանին յանձնած է իր մեծհօր՝ Պարոյր Սեւակի «Պոէմներ», «100 բանաստեղծութիւն», «Սիրերգութիւն», «Արթնցող ժամացոյց» ժողովածոները։ Կրկին յիշենք, որ տարին «սեւակեան» է. լրացաւ բանաստեղծին 100-ամեակը։ Ազգային գրադարանը եւս անմասն չէ մնացած իրականացուող սեւակեան միջոցառումներէն։ Պարոյր Սեւակի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին անոր տարբեր տարիներու գիրքերը կային, թարգմանութիւնները, անոր մասին գրախօսութիւններ, յօդուածներ, լուսանկարներ։

Ներկայիս Հայաստանի ազգային գրադարանը նախաձեռնած է կազմելու Պարոյր Սեւակի հրատարակութիւններու նոր մատենագիտութիւնը եւ մենք սերտ կը համագործակցինք Սեւակի տուն-թանգարանին հետ։ Մատենագիտութիւնը կազմելու աշխատանքին մէջ ընդգրկուած են Ազգային գրադարանի լաւագոյն մասնագէտները։