ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Նուէրներ Մատենադարանէն

հլս 22, 2024 Նորություններ-arm Նուիրատուութիւններ

matenadaran 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանը 105-ամեակին առթիւ բազմաթիւ արժէքաւոր եւ խորհրդանշական նուէրներ ստացած է։ Ձեզի կը ներկայացնենք նուիրատուներու շարքին առաջին կազմակերպութեան։ Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրաց գիտահետազօտական հիմնարկ»-ի միջեւ համագործակցութիւնը երկար պատմութիւն ունի: Հաւանաբար շատերը չեն գիտեր, որ նախքան 1959 թուականը, Մաշտոցի պողոտային վրայ Մատենադարանի շէնքի կառուցումը հին ձեռագիրներու հիմնարկը ժամանակաւորապէս տեղաւորուած էր Ազգային գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքէն ներս։

Գրադարանի հիմնադրման օրուան առթիւ Մատենադարանը մեզի նուիրած է Հայկ Համբարձումեանի, Լուսինէ Թումանեանի եւ Գոռ Երանեանի հետազօտական աշխատութիւնները, ինչպէս նաեւ «Բանբեր Մատենադարանի» 36-րդ համարը եւ Իւեթ Թաճարեանի կազմած «Լուսանկարներու ընտրանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հաւաքածոներէն» գիրքը։ Շնորհակալ ենք շատ։