Հեռախոսահամար
նմբ 25, 2024 Միջոցառումներ
Նոյեմբեր 21-ի իրիկունը գրադարանը իր յարկին տակ հաւաքած էր հայ գիրքի եւ երաժշտութեան նուիրեալները, Ազգային գրադարանի բարեկամները եւ աջակիցները։ Ազգային գրադարանի տնօրէնը գրադարանի հիմնադրութեան 105-ամեակին նուիրուած անուանական կուրծքի նշաններով պարգեւատրեց երգահաններ Տիգրան Մանսուրեանը, Արզաս Ոսկանեանը եւ Երուանդ Երկանեանը՝ հայ բանաստեղծութիւնը երաժշտութեան «լեզուով» ժողովրդականացնելու համար, ինչպէս նաեւ խումբ մը մտաւորականներ՝ հանրային դասախօսութիւններ տալու եւ գրադարանի ծրագիրներուն աջակցելու համար։
Պարգեւատրուողներուն մէջ էին աշխարհագրագէտ, քարտէսագէտ Ռուբէն Գալչեանը, բանաստեղծ, գրականագէտ Հենրիկ Էտոյեանը, գրականագէտ, թարգմանիչ Աշոտ Ալեքսանեանը եւ ուրիշներ։
Գրադարանի հիւրերը «Արար» երգչախումբին (գեղարուեստական ղեկավար՝ Գոռ Մելքումեան) կատարումով ունկնդրեցին Կոմիտասի, Տիգրան Մանսուրեանի, Արզաս Ոսկանեանի եւ Երուանդ Երկանեանի ստեղծագործութիւնները եւ Ազգային գրադարանի պատմութեան նորաբաց ցուցասրահին մէջ ծանօթացան 1919 թուականին գրադարանի հիմնադիր փաստաթուղթերուն եւ արխիւային այլ նիւթերու։