Հեռախոսահամար
մյս 11, 2026 Միջոցառումներ

Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս նշուեցաւ անուանի հայ բանաստեղծուհի, գրող, թարգմանիչ եւ հասարակական գործիչ, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ Մետաքսէի ծննդեան 100-ամեակը։ Հայաստանի ազգային գրադարանի փոքր ցուցասրահին մէջ բացուած էր Մետաքսէի գրականութեան, լուսանկարներու եւ անձնական իրերու ցուցադրութիւնը, որ հնարաւորութիւն տուաւ ներկաներուն վերարժեւորելու բանաստեղծուհիին ստեղծագործական ուղին եւ անոր թողած հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը։ Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր Հայաստանի Ազգային գրադարանի Սպասարկման բաժնի Գիտական եւ ընթացիկ մամուլի ընթերցասրահի աշխատակիցներու նախաձեռնութեամբ։ Միջոցառման ընթացքին ներկաները ողջունեց եւ ցուցադրութիւնը ներկայացուց Գիտական եւ ընթացիկ մամուլի ընթերցասրահի վարիչ Արեւիկ Զախարեանը՝ անդրադառնալով Մետաքսէի գրական ժառանգութեան կարեւորութեան եւ անոր առանձնայատուկ տեղին հայ գրականութեան մէջ։
Բանաստեղծուհիին դուստրը՝ բանաստեղծուհի Լիլիթ Աղակուլեանը, ջերմ յուշերով խօսեցաւ մայրիկին մասին՝ ներկայացնելով ինչպէս անոր մարդկային կերպարը, այնպէս ալ ստեղծագործական աշխարհը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ յոբելեանական տարուան ընթացքին սպասուող նոր նախաձեռնութիւններուն եւ նախատեսուող մեծ հանդիսութեան։ Գրականագէտ Կարո Վարդանեանը իր խօսքին մէջ պատմեց Մետաքսէի հետ ունեցած բարեկամութեան մասին՝ յիշելով անոր մտերմութիւնը Յովհաննէս Շիրազի, Պարոյր Սեւակի, Գէորգ Էմինի եւ Վահագն Դաւթեանի հետ։ Անոր յուշերը բացայայտեցին ժամանակաշրջան մը, ուր գրականութիւնը ոչ միայն ստեղծագործութիւն էր, այլեւ մարդկային խոր յարաբերութիւններու ու մտաւոր ընկերակցութեան տարածք։
Մետաքսէի կեանքի եւ ստեղծագործութեան մասին խօսեցաւ նաեւ Մետաքսէի կենսամատենագիտութեան կազմող, Խ․ Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ Մշակոյթի բաժանմունքի Թանգարանագիտութեան, գրադարանագիտութեան եւ մատենագիտութեան ամբիոնի դասախօս, բ․գ․թ. Արմինէ Յակոբեանը՝ ներկայացնելով անոր գրական ժառանգութեան ուսումնասիրման եւ պահպանման կարեւորութիւնը։ Մետաքսէի ստեղծագործութիւններէն ընթերցեց Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Մայրանոյշ Գրիգորեանը։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ արձակագիր, արուեստաբան Սէյրանուհի Գեղամեանը եւ այլ մտաւորականներ։ Ցուցադրութեան ներկայացուած էին Մետաքսէի ստեղծագործութիւնները, անոր մասին մամուլի յօդուածներ, գրախօսութիւններ, լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ շարք մը անձնական իրեր՝ ակնոցը, պայուսակը, հովահարը, ամուսնոյն ժամացոյցը, որ անոր մահէն ետք կրած էր Մետաքսէն, եւ այլ հետաքրքրական նմուշներ, որոնք առանձնակի հետաքրքրութեամբ դիտեցին այցելուները։
