Հեռախոսահամար
փտր 07, 2025 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
1917-ին տպագրուած «Ջարդերը Հայաստանի մէջ» գիրքին հեղինակը նշանաւոր արաբ իրաւաբան Ֆայեզ Ալղուսէյնն է։ Ան երեք ու կէս տարի եղած է Խարբերդ գաւառին կառավարիչը։
1915-ին Էրզրում տանող ճամբուն վրայ ան առանց որեւէ պատճառաբանութեան ձերբակալուած է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ եւ մէկ ամիս անցուցած է Տիարպեքիրի բանտին մէջ, ապա 7 ամիս մնալով քաղաքին մէջ ականատես եղած է Էրզրումէն, Վանէն, Պիթլիսէն, Խարբերդէն եւ այլ վայրերէ աքսորուած հայերուն դէմ թուրքերուն վայրագութիւններուն։ Յետագային հեղինակը հայերուն դէմ գործուած անմարդկային վերաբերմունքի իր վկայութիւնները մանրամասնօրէն նկարագրած է այս գիրքին մէջ։
Արաբերէն բնագրով գիրքը առաջին անգամ տպագրուած է 1916-ին Հնդկաստանի Մումպայ (նախկինին՝ Պոմպէյ) քաղաքին մէջ։ Յետագային գիրքը թարգմանուած է տարբեր լեզուներու։ Յատկապէս արժէքաւոր է գիրքը այն առումով, որ կը ներկայացնէ ականատեսի վկայութիւնները։
Ինչպէս հեղինակը կը նշէ գիրքին նախաբանին մէջ «Մէկ կողմէ ես չէի կրնար լուռ հետեւիլ հայերուն հանդէպ իրագործուող այդ անմարդկային վայրագութիւններուն եւ յանուն արդարութեան կը փորձէի ներկայացնել ճշմարտութիւնը, միւս կողմէ կար մտավախութիւն, որ, որպէս արդիւնք, իսլամի կրօնը եւրոպացիներուն կողմէ պիտի մեղադրուի։ Սակայն գիրքին վերջաւորութեան մէջ ես նշած եմ, որ Աստուած մեզ միեւնոյն է պիտի առաջնորդէ ճշմարիտ ուղիով»։
Գիրքին վերջաբանին մէջ հեղինակը նշած է նաեւ, որ «թուրքերուն գործած այդ վայրագութիւնները կը հակասեն իսլամի դրոյթներուն եւ ասիկա անջնջելի սեւ հետք մըն է իսլամի պատմութեան մէջ»։ Գիրքը Հայաստանի ազգային գրադարանին նուիրած է եգիպտահայ ազգային-հասարակական գործիչ, հրապարակախօս Պերճ Թերզեանը։