ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Լուսանկարչութեան համաշխարհային օրը

սպտ 04, 2024 Նորութիւններ

եեեեեե 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանի անցեալը այսօր թերեւս մեզի համար այսքան ակնառու չէր ըլլար, եթէ չըլլային գրադարանին արխիւային լուսանկարները։ Օգոստոս 19-ին աշխարհի շուրջ կը նշուի լուսանկարչութեան օրը։ 1839 թուականի ճիշդ այս օրը Ֆրանսական կառավարութիւնը արտօնագրեց Լուի Տակէրի գիւտը եւ բոլորին զայն ազատ գործածելու արտօնութիւն տուաւ՝ իբրեւ անհատոյց ընծայ աշխարհին։ Լուի Տակէրի անունը ընդգրկուած է ֆրանսացի 72 գիտնականներու, գիւտարարներու, ճարտարագէտներու ցանկին վրայ, որոնց մեծադիր անունները ոսկետառ դաջուած են Էֆէլեան աշտարակի առաջին մակարդակի վերին մասը։

լպպ

Լուսանկարչութեան համաշխարհային օրը լաւ առիթ մըն է արժանին մատուցելու անուանի լուսանկարիչներուն եւ լուսանկարչութեան պատմութեան, խօսելու լուսանկարչական մեքենաներու եւ ծրագիրներու արձանագրած յաջողութիւններուն մասին։ Լուսանկարչութեան պատմութեան էջերուն վրայ բազմաթիւ հայեր կան՝ Անդրանիկ Քոչար, Նեմրութ Պաղտասարեան, պոլսահայ Արա Կիւլէր, քանատահայ Եուսուֆ Քարշ, ամերիկահայ Հարի Քունտաքչեան եւ շատ ուրիշներ։ Ազգային գրադարանը լուսանկարչական պատկերագիրքերու, լուսանկարչական արուեստին նուիրուած գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ ունի, որ միշտ ձեր տրամադրութեան տակ է։