Հեռախոսահամար
ապր 30, 2026 Միջոցառումներ

Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ, Ակտուալ Արվեստ հրատարակչութեան հետ համագործակցաբար, տեղի ունեցաւ հայկական ծագումով, ֆրանսական արտայայտչութեամբ գրող եւ տեսողական արուեստագէտ Տընի Տոնիկեանի «Լլալ, թէ չըլլալ ծնած…» (Être né ou ne pas l’être) գիրքին շնորհանդէսը։ Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ Տոնիկեանի աֆորիզմներու ժողովածուն, ուր քանի մը տողով ձեւակերպուած մտքերը կը բանան կեանքի, ինքնութեան եւ գոյութեան բազմաշերտ ընկալումները։
Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին կայացած հանդիպումին․ Տընի Տոնիկեանի անձնական արխիւը՝ գիրքեր, ալպոմներ, ձեռագիրներ, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանատան աջակցութեամբ Ֆրանսայէն փոխադրուած են Հայաստան եւ յանձնուած Ազգային գրադարանին։ Նիւթերը մէկ շաբթուան ցուցադրութեամբ ներկայացուած են գրադարանին մէջ, իսկ ցուցադրութենէն ետք Տընի Տոնիկեանի ձեռագիրներն ու շարք մը նիւթեր փոխանցուած են Ե. Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին։
Գիրքին խմբագիր Գայանէ Մկրտչեան ներկայացուց ժողովածուին ստեղծման ընթացքը՝ նշելով, թէ գիրքը կազմուած է երկարատեւ եւ մանրակրկիտ աշխատանքի արդիւնքով՝ պահպանելով հեղինակին խօսքի հակիրճութիւնը։ Անոր խօսքով՝ 939 աֆորիզմներու ընտրութիւնն ու կառուցուածքը փորձած են կարելի եղածին չափ ամբողջական կերպով ներկայացնել Տոնիկեանի աշխարհահայեացքը, ուր կը համադրուին ինքնութեան, մարդու գոյութեան եւ ժամանակի մասին դիտարկումները։ Խմբագիրը ընդգծեց նաեւ, թէ գիրքը ոչ միայն գրական ժողովածու մըն է, այլեւ մտածողութեան ձեւ՝ ընթերցողը հրաւիրելով դանդաղ ընթերցման եւ խորքային անդրադարձի։
Թարգմանիչ Լուսինէ Մուսախանեան խօսեցաւ ֆրանսերէնէն հայերէնի թարգմանութեան առանձնայատկութիւններուն եւ դժուարութիւններուն մասին՝ յատկապէս շեշտելով, թէ աֆորիզմներու թարգմանութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն լեզուական ճշգրտութիւն, այլեւ մտքի, ենթախորքերու եւ յաճախ բազմաշերտ իմաստներու կարելի եղածին չափ հաւատարիմ փոխանցում։ Անոր խօսքով՝ կարեւոր է պահպանել նաեւ աֆորիզմին ձեւական հակիրճութիւնն ու արտայայտչական լիցքը, ինչ որ թարգմանիչէն կը պահանջէ ստեղծագործական զգօնութիւն եւ ճկունութիւն։
Ձեռնարկին աւարտին, ներկայներուն նախընտրութեամբ եւ պատահականութեան սկզբունքով, ընթերցուեցան Տընի Տոնիկեանի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, որոնք դարձան հանդիպումին գեղեցիկ եւ խորհրդանշական աւարտը։
