ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Իրանահայ Էտուարտ Յարութիւնեանը, հերթական նուիրատուութիւնը կատարած է գրադարանին

օգս 22, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ

nnvv 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանի բարեկամներէն մէկը՝ իրանահայ Էտուարտ Յարութիւնեանը, հերթական նուիրատուութիւնը կատարած է գրադարանին։ Շուրջ երկու տասնեակ բացառիկ ամսագիրներ պիտի համալրեն Ազգային գրադարանի մամլոյ հաւաքածոն։ Ամսագիրներէն գրադարանը ունէր միայն եզակի համարներ, իսկ «Վարագ» ամսագիրը առհասարակ կը բացակայէր։

Գրադարանի մամլոյ հաւաքածոն մասնաւորապէս հարստացաւ 1910-1917 թուականներուն Պաքուի մէջ լոյս տեսած «Թատրոն եւ երաժշտութիւն» թատերական-երաժշտական պատկերազարդ երկամսեայ հանդէսին օրինակներով։ Հանդէս մը, որուն աշխատակցած են Կոմիտասը, Գէորգ Չմշկեանը, Գէորգ Պաշինճաղեանը, Ալէն Մանուկեանը, Անուշաւան Տէր Ղեւոնդեանը եւ այլ ականաւոր դէմքեր։