ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Յուլիս 4-ը՝ Հայաստանի ազգային գրադարանի օրը

հլս 07, 2025 Նորութիւններ

 

artboard-1-at-2x.jpg

Հայաստանի ազգային գրադարանի պետական կարգավիճակ ստանալու 106-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ գրադարանի երկարամեայ աշխատակիցներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Գրադարանային գործին տարիներու նուիրումով ծառայած, գիտելիքի պահպանման եւ տարածման կարեւոր առաքելութիւնը իրենց ուսերուն կրող շարք մը աշխատակիցներ պարգեւատրուեցան պատուագիրներով։ Գրադարանավարներուն պատուագիրները յանձնեց ՀԱԳ տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը։

Առաջին անգամ ըլլալով գրադարանի աշխատակիցի մը 50-ամեայ աշխատանքային յոբելեանը նշեցինք։ ՀԱԳ Գլխաւոր գրապահոցի բաժնի վարիչ Յասմիկ Գրիգորեանը արդէն 50 տարի է նուիրումով, սիրով եւ պատասխանատուութեամբ կ՚աշխատի Ազգային գրադարանին մէջ։ 40 տարի գրադարանին մէջ են Անձեռնմխելի գրականութեան բաժնի մամլոյ ենթաբաժնի վարիչ Մարինէ Սարգսեանը, Գլխաւոր գրապահոցի օտարալեզու գրականութեան ենթաբաժնի վարիչ Նայիրա Սարգսեանը։ 30 տարի Ազգային գրադարանի մէջ է Նայիրա Մնացականեանը, 25 տարի՝ Զարուհի Ալիխանեանը, Քրիստինէ Պետրոսեանը, Նելլի Մելիքբէկեանը, Վարդուշ Գաբրիէլեանը, Թերեզա Վարդանեանը, 20 տարի՝ Սիրանոյշ Մանուկեանը, Մարինէ Թամրազեանը, Նարինէ Ղարիպեանը, Նուարդ Երմազեանը, Լիլիթ Զուռնաճեանը, Արմինէ Ղարիպեանը, Ասիա Օտապաշեանը եւ Արմենուհի Ստեփանեանը։

Կը շնորհաւորենք մեր աշխատակիցները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք երկարամեայ նուիրուած աշխատանքին համար։