Հեռախոսահամար
հլս 22, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
Լոյս տեսած է բանասիրական գիտութեանց թեկնածու Հայկ Համբարձումեանի «Հացն ու գինին. որսը, խնճոյքն ու սննդային ծածկագիրները «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպին եւ հայ միջնադարեան գրականութեան մէջ» գիրքը։ Գիրքին մէջ հայ միջնադարեան գրականութեան եւ «Սասնայ ծռեր» դիւցազներգութեան համեմատական քննութեամբ ներկայացուած են՝ դիւցազնավէպերու ու գրական հերոսներու սննդի հայթայթման ձեւերը եւ յատկապէս որսորդութիւնը, հերոսներու ճաշացանկը, սննդային նախապատուութիւնները, կերակրատեսակներու օգտագործման կերպն ու ժամանակը։
Անդրադարձ կատարուած է կերակրատեսակներու ու սննդային մշակութային ծածկագիրներու կենցաղային, ծիսական ու գեղարուեստական նշանակութեան։ Գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Հայաստանի ազգային գրադարանի Գրականութեան հանրահռչակման բաժնի կողմէ համակարգուող «Աջակցութիւն ստեղծագործողներուն, հետազօտողներուն եւ թարգմանիչներուն» դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակէն ներս։