ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտեզ I Մայիս

հնս 16, 2026 Հայաստանեան տասնեակ

p style="text-align:center;"> IMG-0387-1-1

Ի՞նչ կը նախընտրէին կարդալ հայ ընթերցողները մայիսին։ Հանրային եւ համայնքային գրադարաններուն մէջ սպասարկուած գեղարուեստական գրականութեան մայիս ամսուան վիճակագրական ցուցանիշներով Ռուբէն Եսայեանը պահպանած է իր յառաջատար դիրքերը։ Անոր գիրքերէն երեքը ընդգրկուած են ամէնէն շատ սպասարկուած գիրքերու հնգեակին մէջ։ Երկրորդ ամէնէն պահանջուած հեղինակը Աշոտ Աղապապեանն է։ Մայիսեան տասնեակին մէջ են նաեւ Գրիգոր Զոհրապի նորավէպերը, Նիքոլո Մաքիաւելլիի «Տիրակալը», Խալետ Հոսէյնիի «Հազար չքնաղ արեւներ» վէպը, Ալպէր Քամիուի «Օտարը» եւ ռուս գրող Աննա Ճէյնի «Երկրպագուն»։ Մայիսեան միացեալ տասնեակին մէջ կայ 125 անուն գիրք՝ նախորդ ամիսներու համեմատ շուրջ 20 անուն աւելի։

Երեւանի մէջ նոյնպէս յառաջատար հեղինակը Ռուբէն Եսայեանն է իր «Վանականներն ունին գաղտնիք» եւ «Փապուղիէն 13 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ» վէպերով։ Երեւանի համայնքային գրադարաններուն մէջ բարձր եղած է նաեւ Էլիզապէթ Կիլպերթի «Ուտել, աղօթել, սիրել», Խալետ Հոսէյնիի «Եւ արձագանգեցին լեռները», Աշոտ Աղապապեանի «Նմանակը», Ճոճո Մոյէսի «Աստղեր նուիրողը», Մարք Լեւիի «Իսկ եթէ ատիկա ճիշդ է» եւ այլն։ Հեղինակներու ցուցակներուն մէջ բազմաթիւ գիրքերով մշտապէս ներկայ են հայ դասական գրողները, ինչպէս նաեւ շարք մը արտասահմանեան հեղինակներ՝ Ակաթա Քրիսթի, Էրիխ Մարիա Ռեմարք, Էլիֆ Շաֆաք, Խալետ Հոսէյնի, որոնց գրականութեան նկատմամբ ընթերցողական պահանջը բնաւ չի նուազիր։

Համաձայն գրադարաններէն ստացուած վիճակագրութեան՝ մայիսին Հրաչեայ Մանուկեանի «Կամքի ուժը», Ռոպին Շարմայի «Վանականը, որ վաճառեց իր Ֆերարին» եւ Օկ Մանտինոյի «Աշխարհի մեծագոյն վաճառականը» ամէնէն շատ ընթերցուած շարժառիթային գիրքերն էին։