Հեռախոսահամար
մյս 07, 2026 Հայաստանեան տասնեակ

Ապրիլեան ընթերցանութիւն
Ապրիլ ամիսը յագեցած էր գրադարանային եւ գրական տարբեր իրադարձութիւններով, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են գրադարաններու մէջ սպասարկուած գրականութեան ընտրութեան վրայ։ Մարզային եւ համայնքային աւելի քան 20 գրադարաններու ամէնէն պահանջուած գիրքերու միացեալ ցուցակին մէջ աւելի քան 115 գիրք կայ։ Ամէնէն պահանջուած հեղինակը Ռուբէն Եսայեանն է, որուն երեք վիպակները յառաջատար գիրքերու տասնեակին մէջ են։ Հայաստանի ազգային գրադարանի իրականացուցած ընթերցանութեան մարաթոնի անմիջական ազդեցութեամբ տասնեակին մէջ տեղ գտած են Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական ուրուագծեր» եւ «Կրակէ շապիկ» գիրքերը։ Ամէնէն ընթերցուող գիրքերու տասնեակին մէջ են նաեւ Ռաֆայէլ Մարգարեանի, Պարոյր Սեւակի, Գրիգոր Քեշիշեանի, Աշոտ Աղապապեանի, Ալեքսանդր Շիրուանզադէի եւ Մարկ Լեւիի գիրքերը։
Ապրիլեան տասնեակներուն մէջ կը հանդիպին նաեւ շարք մը նոր անուններ եւ գիրքեր, որոնք վերջին ամիսներուն յայտնուած են գրադարաններու առաւել պահանջուած գիրքերու ցուցակներուն մէջ։ Անոնց շարքին են՝ Աննա Առաքելեանի «Սպանէ՛ ներսիդ թիթեռները», ամերիկա-բրիտանացի կին գրող, պատմավէպերու հեղինակ Թրէյսի Շեւալիէի «Մարգարիտէ ականջօղով աղջիկը», գերմանահայ գրող Լաուրա Ցուիրթնիայի առաջին գործը՝ «Դուրսը մեր անունները տարբեր են», Հայկուհի Կիւտակեանի «Թախիծի կազմապատկերը», լաթուիացի գրող Մարիս Պերզինշի «Կապարի համը», թուրք գրող Մուրատ Աթաշի «Արմինէ», ամերիկացի՝ ստրկութեան վերացման համար պայքարող գործիչ Սոլոմոն Նորթափի «Տասներկու տարուան ստրկութիւն», անգլիացի գրող Մարիա Քորելլիի «Սատանային վիշտը», ամերիկացի գրող Ֆրիտա Մաքֆէյտէնի «Ան կը հետեւի քեզի» եւ այլ գիրքեր։
Յայտնի է, որ գրադարաններուն մէջ մեծ է մարդոց ոգեշնչող լաւագոյն վաճառուող գիրքերու պահանջը։ Ապրիլին մեր գործընկերներէն խնդրած էինք ներկայացնել նաեւ ընթերցողներու կողմէ բարձր պահանջ ունեցող նմանատիպ գիրքերը։ Առաւել պահանջուած են Ռոպին Շարմայի «Վանականը, որ ծախեց իր Ֆերարին», Ռոպերթ Քիոսաքիի «Հարուստ հայրիկ, աղքատ հայրիկ», Հրաչեայ Մանուկեանի «Փոխէ՛ կեանքդ» եւ Արմէն Նիազեանի «Բռնէ՛ ձեռքս, ես կը վախնամ» եւ շարք մը այլ գիրքեր։
