ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէս | նոյեմբեր

մրտ 13, 2024 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

nov 2023 
 

Նոյեմբերին ընթերցողներու ամէնէն պահանջուած գիրքերու ցանկին վրայ դարձեալ առաջին հորիզոնականները գրաւած են Ակաթա Քրիստիի արկածախնդրութիւնները (12 անուն), Էրիխ Մարիա Ռեմարքի վէպերը (4 անուն)։ Ամէնէն շատ կարդացուած գիրքերու տասնեակներուն մէջ երկուական գիրքով ներկայ են Ալեքս Մայքլիտիսը, Կապրիէլ Կարսիա Մարքէզը, Էլիֆ Շաֆաքը, Ճոն Պոյնը, Ճոն Կրինը, Ճոճօ Մոյեսը, Սթիւէն Քինկը եւ Ուիլիամ Սարոյեանը։

Հանրապետութեան մարզային եւ հանրային գրադարաններուն մէջ ամէնէն շատ ընթերցուած գիրքերու տասնեակին մէջ երեք հայ եւ եօթը արտասահմանեան հեղինակներ կան։ Այս ամիս երեւանցի ընթերցողները նախընտրած են ամերիկացի գրող Հարփըր Լիի «Ծաղրասայլակ սպանելը» վէպը, որ լոյս տեսնելով 1960 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ անմիջապէս ընդգրկուեցաւ պարտադիր դպրոցական ընթերցանութեան ցուցակներուն վրայ։ Հայ դասական եւ ժամանակակից հեղինակներէն երկու գիրքով ցուցակին վրայ ներկայացուած են Գուրգէն Մահարին, Վարդգէս Պետրոսեանը, Աշոտ Աղապապեանը, Գոհար նաւասարդեանը, իսկ Րաֆֆիի վէպերէն յիշատակուած են «Խաչագողի յիշատակարանը», «Խենթը» եւ «Սամուէլը»։

«Ոչ ոք կրնայ յոյսը դնել ապագայի վրայ»։ Այդպէս կը կարծէ իր ապագան եւ երջանկութեան իրաւունքը փնտռող խիզախ Ճէյն Էյրը՝ անգլիացի վիպասան Շարլոթ Պրոնթէի համանուն ընկերային-հոգեբանական վէպի հերոսուհին։ Գեղարքունիքի մարզային գրադարանէն ներս այս ամիս թեւածած է սիրուած վիպական հերոսուհի Ճէյն Էյրի ոգին։ Շարլոթ Պրոնթէի գիրքը պահանջուած եղած է ինչպէս Տաւուշի, այնպէս ալ Երեւանի Աջափնեակ համայնքին մէջ։

Մարզային գրադարաններուն մէջ ամէնէն պահանջուած հայ գրողը կը մնայ Յովհաննէս Թումանեանը։ Անոր գիրքերը հաւասարապէս կը շրջանառուին թէ՛ մանկական, թէ՛ 16 տարեկանէն բարձր ընթերցողական խումբերուն մէջ։ Նախընտրելի գրողներուն մէջ են նաեւ Փաուլօ Քոհելիուն, Ռիչըրտ Պախը, Գուրգէն Մահարին, Վարդգէս Պետրոսեանը, եւ Ճորճ Օրուէլը։