ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի ազգային գրադարանը հյուրընկալել էր իտալացի յայտնի ճարտարապետ Չինո Ցուքիին

հկտ 21, 2024 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ

Րինո Ցուկի. միջոցառում 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանը այսօր՝ հոկտեմբեր 20-ին, հիւրընկալեց իտալացի յայտնի ճարտարապետ Չինո Ցուքին։ Ճարտարապետութեան գրադարանը (Library For Architecture), Ազգային գրադարանին հետ համագործակցութեամբ, կազմակերպած էր նշանաւոր ճրտարապետի «The Campside Shower Theory (Ի գովաբանութիւն արտաժամանակեայ ճարտարապետութեան)» հանրային դասախօսութիւնը։ Մեր գործընկեր Ճարտարապետութեան գրադարանին միջոցառումը կազմակերպուած էր «LFA»-ի «12 ամիս» ծրագրի շրջանակէն ներս։

Չինո Ցուքիի արուեստանոցը (Cino Zucchi Architetti) ճարտարապետութեան, աշխարհագրական բնավայրի եւ քաղաքային ծրագրման մէջ Եւրոպական յառաջատար արուեստանոցներէն մէկն է։ Արուեստանոցը պարբերաբար կը փնտռէ նոր տարածական լուծումներ ժամանակակից բազմազան եւ բազմաշերտ միջավայրերուն մէջ։ Արուեստանոցին նպատակն է նորարարութիւնն ու հետազօտական աշխատանքները համատեղել մասնագիտական ամբողջականութեան հետ՝ ձեւաւորուած փորձի եւ մասնագէտներու լաւ հաստատուած ցանցի շնորհիւ յաղթահարելով որեւէ ծաւալի բարդ ծրագիրները։

20.10.2024. միջոցառում

Միլանցի 68-ամեայ Չինո Ցուքին համադրման եւ քաղաքաշինական, ճարտարապետական ու քաղաքային ձեւագրման խոշոր մասնագէտ է, դոկտոր-փրոֆեսոր է: 2013-ին ան հրաւիրեալ դասախօս եղած է Հարվարտի ձեւագրման բարձրագոյն դպրոցէն ներս։ Դասաւանդած է Փլորինտիոյ, Սիրաքուզի համալսարաններէն ներս, Ցիւրիխի եւ Մատրիտի ճարտարագիտական համալսարաններէն ներս։ Կը դասախօսոէ Միլանի համալսարանէն ներս։ Քաղաքային ձեւագրման, ճարտարապետութեան պատմութեան եւ տեսութեան բնաբաններով բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ է, որոնք հրապարակուած են բազմաթիւ միջազգային ամսագիրներու մէջ:

Իր «Cino Zucchi Architetti» արուեստանոցին հետ ան տարիներու ընթացքին նախագծած եւ կառուցած է բազմաթիւ հասարակական, բնակելի, առեւտրային շէնքեր, գրասենեակներ, հանրային տարածքներ, նախագծած է արդիւնաբերական, պատմական տարածքներու գլխաւոր յատակագիծեր, իրականացուցած է վերականգնումներ: Ցուքին մասնակցած է ճարտարապետութեան ոլորտի բազմաթիւ ազգային եւ միջազգային մրցոյթներու, ստացած է զգալի թուով մրցանակներ: