Հեռախոսահամար
հկտ 21, 2024 Նորութիւններ Պաշտօնական
Հոկտեմբեր 16-ին Հայաստանի ազգային գրադարանը համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրեց Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան Քրէակատարողական ծառայութեան հետ։ Յուշագիրը ստորագրեցին Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը եւ Քրէակատարողական ծառայութեան պետ Ամբակում Գրիգորեանը։
Գրադարանը Քրէակատարողական ծառայութեան պիտի օժանդակէ ՔԿՀ-ի գրադարաններու համար ելեկտրոնային գրադարաններու ստեղծման, միջգրադարանային բաժումի ծառայութեան միջոցաւ գիրքերու տրամադրման, ՔԿՀ գրադարաններու աշխատակիցներու որակաւորման բարձրացման ու փորձի փոխանակման դասընթացներու կազմակերպման եւ գրադարանային-մատենագիտական ու տեղեկատուական այլ միջոցներով։
Գրադարանի վեհաշուք նախագահական դահլիճէն ներս Քրէակատարողական ծառայութիւնը ուշագրաւ գիտաժողով մը կազմակերպած էր «Քրէակատարողական համակարգին մէջ ընկերային-հոգեբանական աշխատանքներուն մարտահրաւէրները» խորագրով, ուր ելոյթ ունեցան ոլորտի շարք մը յառաջատար մասնագէտներ։ Զեկուցողներէն մէկը իր ելոյթին մէջ նշեց, որ առնուազն վերջին 10 տարուան մէջ նման բովանդակալից եւ կարեւոր հարցադրումներով գիտաժողով չի յիշեր։