Հեռախոսահամար
օգս 23, 2023 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Մարդու տրամադրութեան, ինքնազգացողութեան վրայ անհերքելի է գիրքերուն ազդեցութիւնը: Գիրքերը բալասան են հոգիին համար: Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս յունիս 24-ին կազմակերպուած հանրային դասախօսութեան բանախօսը լա՛ւ գիտեր գիրքերուն ամոքիչ ուժին մասին:
Ջղաբան Վահրամ Սարգսեանը ներկաներուն պատմեց, թէ ի՛նչ սկզբունքով ընթերցանութիւնը կ՚ազդէ մարդուն առողջութեան վրայ: Ան նշեց, որ մեծ է գիրին ուժը տրամադրութեան անկման, տագնապներու յաղթահարման եւ մեղմացման գործին մէջ: Ան նշեց, որ գրքաբուժութեան մէջ կը գործածուին ինչպէս գիտահանրամատչելի, բնանիւթային գիրքեր, այնպէս ալ գեղարուեստական գրականութիւն. գրքաբուժներէն ոմանք կ՚օգտուին պատրաստ գրականութենէն, միւսները ստեղծագործ ուղիներ կը փնտռեն:
Բանախօսը անդրադարձաւ գրքամոքման տարբեր երեսակներուն, աշխուժ երկարակեցութեան: Իր տեսակէտը արտայայտեց նաեւ մասնագիտութեամբ բժիշկ, երկարակեաց տիկին Այտա Թադէոսեանը՝ ընդգծելով, որ երկարակեցութեան, միշտ երիտասարդ զգալու եւ մնալու համար շատ կարեւոր է դրական տրամադրուածութիւնը, կենսասիրութիւնը: Միջոցառումը անցաւ ներգործուն ձեւաչափով՝ մասնակիցներու աշխուժ ներգրաւուածութեամբ, հարց ու պատասխանի, հումորային դիտարկումներու մթնոլորտէ ներս: