Հեռախոսահամար
օգս 14, 2023 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Մարտ 30-ին՝ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ հերթական հանրային դասախօսութիւնը՝ «Նորաձեւութիւնը՝ որպէս հասարակական երեւոյթ» խորագիրով։
Բանախօսը Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ փրոֆեսոր Նունէ Աղպալեանն էր։
Տիկին Աղպալեանը ներկայացուց նորաձեւութեան զարգացման պատմութիւնը, հագուստի փոփոխութիւնները անյիշելի ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, անդրադարձաւ եւրոպական եւ արեւելեան մշակոյթներու ազդեցութեան հանդերձանքի եւ նորաձեւութեան զարգացման։ Ներկաները, որոնց մէջ զգալի թիւ կը կազմէին փրոֆեսոր Աղպալեանի ուսանողները, ոգեւորութեամբ եւ մեծ ներշնչումով մասնակցեցան միջոցառման։
Գարնանային գոյներով եւ տրամադրութեամբ զարդարուած միջոցառման աւարտին՝ տիկին Նունէ Աղպալեանը գրադարանին նուիրեց մետաքսեայ գործուածքի մը վրայ անիլինային ներկերով կատարուած եօթը կտաւ, որոնք կը ներկայացնեն նորաձեւութեան պատմութիւնը։ Կտաւները պիտի համալրեն Ազգային գրադարանի արուեստի գործերու հարուստ հաւաքածոն։