ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հանդիպում ժամանակակից գրող Ռուբէն Եսայեանի հետ

հնս 10, 2024 Միջոցառումներ Գրական հանդիպումներ

yesayandahlij

«Գրելու ընթացքին շատ կարեւոր է շեշտը դնել գործողութիւններու վրայ, ինչ որ կը ստիպէ հետաքրքրուած պահել ընթերցողները». Ռուբէն Եսայեան։ Այսօր` յունիս 10-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում ժամանակակից գրող, երկու գիրքերու հեղինակ Ռուբէն Եսայեանի հետ։

ddahlij

Ռուբէն Եսայեանը ներկայացուց գրականութեան ասպարէզ մտնելու իր ճանապարհը, իր գիրքերուն հերոսներու կերպարներու ստեղծման, գիրքերուն տպագրութեան բարդութիւններու եւ այն մասին, թէ ի՛նչ խնդիրներու կը բախի ժամանակակից հեղինակը։ Միջոցառումը կազմակերպուած էր հարց ու պատասխանի ձեւաչափով։ Գրադարանի հանրային կապերու բաժնի վարիչ Ներսէս Հայրապետեանի ներածական խօսքէն ետք Եսայեանը տասնեակ հարցումներու պատասխանեց։ Հարցերը կը վերաբերէին Ռուբէն Եսայեանի գրելու եղանակին, բնաբաններու ընտրութեան։ Ան թուեց այն գրողներուն անունները, որոնց ստեղծագործութիւնները զինքը ներշնչած են գրականութիւն մտնելու՝ Ակաթա Քրիստի, Էտկար Ալան Փո, Սթիւին Քինկ։

ddrub

Խօսելով առհասարակ գիրքի ունեցած դերին, արժէքին մասին՝ Եսայեանը ընդգծեց, որ գիրքը պէտք է անպայման որեւէ բան տայ ընթերցողին, արժեհամակարգ ձեւաւորէ։ Անոր անկեղծութիւնն ու անմիջականութիւնը փոխանցուեցաւ դահլիճէն ներս հաւաքուած գլխաւորաբար երիտասարդ պարմանուհիներուն, որոնցմէ ոմանք նոյնպէս տարբեր ժանրերուն կը ստեղծագործեն եւ գրական փորձեր կը կատարեն: Միջոցառման աւարտին Ռուբէն Եսայեանը ժամանակ յատկացուց գիրքերը ստորագրելու եւ երիտասարդ ընթերցողներուն հետ զրուցելու համար` ներկաներուն խորհուրդ տալով անպայման անդամագրուիլ Ազգային գրադարանին։