ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Նուիրատուութիւն Հայաստանի ազգային գրադարանին

հլս 09, 2024 Նորություններ-arm Նուիրատուութիւններ

karmirgirq 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանը ձեռք բերած է ամերիկեան «Ռաթճըրզ» համալսարանի (Rutgers University Press) կողմէ այս տարի հրատարակուած Ժուլիէն Զարիֆեանի «Միացեալ Նահանգները եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը․ պատմութիւն, յուշ եւ քաղաքականութիւն» (The United States and the Armenian Genocide: History, Memory, Politics) հատորը։

Հեղինակը ներկայացուցած է, թէ ինչո՛ւ Ուաշինկթոնի վարչակարգը միայն 2021 թուականին պաշտօնապէս ճանչցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ 1915-ին իրագործուած հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ժուլիէն Զարիֆեան պատմութիւն կը դասաւանդէ Ֆրանսայի Փուաթիէ քաղաքի համալսարանէն ներս: Ան հեղինակ է ֆրանսերէն երկու գիրքերու եւ հայոց ցեղասպանութեան հարցով բազմաթիւ գիտական յօդուածներու։ Ժուլիէն Զարիֆեանի հեղինակած գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու ցանկին կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ յղումով՝ https://orcid.org/0000-0002-9195-7195: Գիրքը կրնաք ապսպրել եւ կարդալ Ազգային գրադարանի ընթերցասրահներուն մէջ: