Հեռախոսահամար
մյս 12, 2025 Նորութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը հինգ տարուան ժամկէտով, ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ վերընտրուած է ԻՖԼԱ (Գրադարանային ընկերակցութիւններու եւ հաստատութիւններու միջազգային դաշնութեան) մասնագիտական խորհուրդի Ազգային գրադարաններու յանձնաժողովի անդամ։
Գրադարանային ընկերակցութիւններու եւ հաստատութիւններու միջազգային դաշնութիւնը (IFLA: International Federation of Library Associations and Institutions) գրադարանային եւ տեղեկատուական ծառայութիւններու եւ անոնց օգտագործողներու շահերը ներկայացնող յառաջատար միջազգային կարեւորագոյն կառոյց մըն է։
Անիկա կը հանդիսանայ գրադարանային եւ տեղեկատուական ոլորտի կանոնակարգերու, հայեցակարգերու, չափանիշներու, ուղեցոյցներու եւ չափորոշիչներու համակարգող՝ նպաստելով գրադարանային եւ տեղեկատուական ծառայութիւններու մատուցման բարելաւմանը։ ԻՖԼԱ-ն կը ներկայացնէ գրադարանային եւ յարակից ոլորտներու ներկայացուցիչներու շահերը ողջ աշխարհի մէջ։ Հայաստանի ազգային գրադարանը կը հանդիսանայ ԻՖԼԱ-ի անդամ 1996 թուականէն։