ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Գոհար Գասպարեան - 100

դկտ 16, 2024 Միջոցառումներ

gohar,gasparyann,.,100

«Թռչունները Գոհար Գասպարեանին սորվեցուցած են երգել, իսկ ան թռչուններուն՝ ծլվլալ», Աւետիք Իսահակեան:

Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ, դեկտեմբեր 19-ին, տեղի ունեցաւ միջոցառում մը՝ նուիրուած հայ երաժշտական արուեստի անզուգական ներկայացուցիչ Գոհար Գասպարեանի 100-ամեակին։

gohar.gasparyan.,100-1

Միջոցառման մասնակիցներուն երգչուհիին կեանքն ու ստեղծագործութիւնը ներկայացուց արուեստի բաժնի ձայնանշանային-երաժշտական ենթաբաժնի աշխատակից Աննա Անդրիկեանը, որ իր խօսքը կ'ամբողջացնէր լուսանկարներով եւ տեսանիւթերով, իսկ ընթերցասրահին մէջ կը ցուցադրուէին Գոհար Գասպարեանին նուիրուած տարբեր բնոյթի հրատարակութիւններ։

Հայութեան համար Գոհար Գասպարեանի անունը դարձած է հայ մշակոյթի խորհրդանիշներէն մէկը, իսկ անոր թողած ժառանգութիւնը կը շարունակէ ներշնչել սերունդները։