Հեռախոսահամար
մրտ 11, 2026 Սինէ-ակումբ

Հայաստանի ազգային գրադարանի մեծ դահլիճէն ներս կայացաւ ֆրանսական համր ֆիլմարուեստին նուիրուած ցուցադրութիւնը։ Երեկոյի առանցքն էր Ժորժ Մելիեսի առասպելական «Ճամբորդութիւն դէպի լուսին» (1902) ֆիլմը։ Լիւմիեր եղբայրներու արձակած կայծէն ետք նորաստեղծ ֆիլմը գրաւեց բազմաթիւ ստեղծագործողներու ուշադրութիւնը։ Ցուցադրութեան ընթացքին հանդիսատեսը բացայայտեց ֆրանսական ֆիլմարուեստի առաջին քայլերը՝ դիտելով 20-րդ դարու սկզբի քանի մը կարճ ֆիլմեր՝ Ժորժ Մելիեսի կախարդական «Ճամբորդութիւն դէպի լուսին»-էն մինչեւ Ալիս Կի Պլաշէի, Ֆերտինանտ Զեքայի եւ Ալֆրետ Մաշանի հետաքրքրական ֆիլմարուեստի գործերը։
Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր Սինէ-ակումբի «Ֆիլմը կը փոխէ աշխարհը․ Ֆրանսա 1895–2026» ծրագրի շրջանակէն ներա, ուր կ’երկխօսին ֆրանսական համր ֆիլմի գլուխգործոցներն ու արդի ֆրանսացի բեմադրիչներու մեծագոյն ձեռքբերումները։ Նոյն նիւթերը, գեղագիտութիւնն ու քաղաքական շեշտադրումները, որոնք արտացոլուած են 20–21-րդ դարերու արուեստագէտներու աշխատանքներուն մէջ, ցոյց կու տան, թէ ինչպէս ֆիլմը կը ստեղծէ նոր իրականութիւններ եւ կ'ազդէ մեր ընկալումներուն վրայ։
Սինէ-ակումբը, որ այս տարի կը նշէ իր գործունէութեան հինգամեակը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսական հիմնարկի Ֆրանսայի դեսպանութեան, «Ֆիլմադարան» հասարակական կազմակերպութեան եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի համատեղ նախագիծն է։
