ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«ՖՐԱՆՍԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

ապր 25, 2025 Նորութիւններ Գալիք միջոցառումներ

IMG-0387-1-1

 

2025 թուականի ապրիլ 29-30-ին Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ֆրանսա-Հայաստան. պատմական եւ մշակութային երկխօսութիւն» խորագրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողով: Գիտաժողովի նպատակն է համակողմանիօրէն ներկայացնել Ֆրանսայի եւ Հայաստանի պատմական ու մշակութային բազմաշերտ յարաբերութիւնները։ Վերջինիս իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են անուանի հետազօտողներ, գիտնականներ եւ ակադեմական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, որոնք հանդէս պիտի գան զեկուցումներով եւ քննարկումներով՝ նուիրուած երկու երկրներու բազմադարեան փոխյարաբերութիւններուն, համագործակցութեան, գրական ու մշակութային կապերուն, հրատարակչական ժառանգութեան եւ այլ նիւթերու։

Գիտաժողովի գլխաւոր բանախօսն է Ֆրանսայի ազգային գրադարանի նախագահ Ժիլ Փեքուն: Առաջին օրը նախատեսուած է ստորագրել համագործակցութեան յուշագիրներ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի ազգային գրադարաններուն, Կանոնադրութեան ազգային դպրոցին, ինչպէս նաեւ «Քալֆա» ժամանակակից արհեստագիտութեանց ֆրանսական կազմակերպութեան հետ: Գիտաժողովին ընթացքին առանձին ցուցասրահի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայաստանեան հրատարակչութիւններու գիրքերու ցուցահանդէս, ուր պիտի ներկայացուին հայ-ֆրանսական փոխառնչութիւններուն նուիրուած հրատարակութիւնները, ֆրանսական գրականութեան թարգմանութիւնները եւ այլն:

Գրադարանի մեծ ցուցասրահին մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուին ՀԱԳ-ի անձեռնմխելի գրականութեան բաժնի՝ Ֆրանսայի մէջ հրատարակուած հայերէն եւ ֆրանսերէն հնատիպ գրականութեան եւ մամլոյ բացառիկ նմուշներ:

Ապրիլ 30-ին, ժամը՝ 19:00-ին, Ա. Սպենտիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Վերադարձ դէպի Տիգրանի կերպափոխութիւնները» համերգային ծրագիրը: Պիտի հնչեն հատուածներ արեւմտաեւրոպացի երգահաններու օփերաներէն, որոնք կ'առնչուին հայոց պատմութեան ու մշակոյթին: Համերգային ծրագիրը նուիրուած է գիտաժողովի պատուաւոր բանախօս Ալեքսանդր Սիրանոսեանին, որ հեղինակած է հայկական նիւթերով եւրոպական օփերաներուն նուիրուած հրատարակութիւնը (Les métamorphoses de Tigrane / Alexandre Siranossian; avec la collaboration de Maxime K. Yevadian; préface de Reinhard Goebel. - Lyon: Sources d'Arménie, 2014):

Գիտաժողովի հանդիսաւոր փակումը նախատեսուած է իրականացնել Ա. Սպենտիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ՝ նախքան համերգային ծրագիրը: Գիտաժողովը կ’եզրափակէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօսութեան երկամսեակը: