Հեռախոսահամար
հնս 11, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
«Գիրքին մէջ յիշատակութիւն մը կայ, թէ ինչպէ՛ս մեծանուն Լեւոն Ներսիսեանը առիթով մը կ’ըսէ. «Մաէսթրո, Դուք այն կամուրջն էք, որուն վրայէն պիտի անցնին միւսները» եւ Քոչարը զայրացած կ’ընդհատէ. «Ա՛յ տղայ, այդ ինչե՞ր կ’ըսես, ես ե՛ւ կամուրջն եմ, ե՛ւ վրայէն անցնողը»: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է ունենանք Քոչարը մեր ներսը: Այս գիրքին բոլոր պատմութիւնները եզակի են անառարկելիօրէն եւ կը տանին այն ճանապարհով, որմով գնաց Քոչարը՝ մնալով միայն արուեստին հետ: Իր արուեստին հետ»:
Երուանդ Քոչարի տուն-թանգարանը Հայաստանի ազգային գրադարանին նուիրած է վերոնշեալ գիրքը՝ «Մաէսթրո Քոչարը. յուշերու անդրադարձում» յուշագրութիւններու ժողովածոն: Գիրքին մէջ դրուագաբար կը ներկայացուին նաեւ հայ ականաւոր նկարիչ-քանդակագործ, արձանագորշ Երուանդ Քոչարի խօսքը, դիտողութիւնները, դիտարկումները մարդոց հետ յարաբերելու ատեն: Գիրքը կազմած ու խմբագրած են Անատոլի Յովհաննիսեանը եւ Լալա Մարտիրոսեան-Քոչարը:
Գիրքին մէջ Մաէսթրոյին մասին իրենց յուշերը պատմած են անոր ժամանակակից այնպիսի անհատներ, ինչպիսին են Ռուբէն Ատալեանը, Վարազդատ Յարութիւնեանը, Ղուկաս Չուպարեանը, Գրիգոր Հասրաթեանը, Ռոպերթ Էլիբէկեանը, Վիգէն Իսահակեանը, Էտուարտ Իսաբէկեանը, Մարգո Ղուկասեանը, Արա Վահունին, Քոչարի որդիները եւ այլք: