ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Երեխաներուն դէմքերը»՝ համր ժապաւէնի անմահ դասականը «Սինէ-ակումբ»-ին մէջ

հնս 16, 2026 Սինէ-ակումբ

p style="text-align:center;"> IMG-0387-1-1

Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս, «Սինէ-ակումբ»-ի հերթական ցուցադրութեան շրջանակէն ներս, ներկայացուեցաւ ֆրանսացի բեմադրիչ Ժաք Ֆէյտէրի համր ֆիլմի գլուխգործոցներէն մին՝ «Visages d’enfants / Երեխաներու դէմքերը (1925)» ֆիլմը։ Ֆիլմը կը պատմէ մօր կորուստը ծանր ապրող փոքրիկ Ժանի մասին, որ դժուարութեամբ կը հաշտուի հօր նոր ընտանիք կազմելու որոշման հետ։ Երեխային ապրումները, ներքին պայքարը, խանդն ու ցաւը ներկայացուած են բացառիկ հոգեբանական խորութեամբ, որուն շնորհիւ ֆիլմը մինչեւ օրս կը համարուի մանկութեան մասին նկարահանուած ամէնէն իրատեսական եւ յուզիչ գործերէն մին։

Թէեւ ֆիլմը նկարահանուած էր 1923 թուականին, անիկա պաստառ բարձրացաւ 1925-ին եւ անմիջապէս արժանացաւ միջազգային ճանաչման։ Ժամանակի ֆիլմի քննադատները աայն անուանած են համաշխարհային ֆիլմարուեստի գլուխգործոց, իսկ Ճափոնի մէջ ֆիլմը ճանչցուած է տարուայ լաւագոյն եւրոպական ֆիլմ։ Յատկանշական է նաեւ գլխաւոր հերոսի դերակատար Ժան Ֆորեսթի բնական եւ անկեղծ խաղը, որ մինչեւ օրս կը համարուի համր ֆիլմի լաւագոյն մանկական դերակատարումներէն ին։

Զուիցերական Ալպերու գեղատեսիլ բնապատկերներու ետնապատկերին նկարահանուած ֆիլմը կը տպաւորէ ոչ միայն իր պատմութեամբ, այլեւ բացառիկ ֆիլմարուեստային լուծումներով։ Բնութիւնը այստեղ պարզապէս միջավայր չէ, այլ պատմութեան լիարժէք մասնակից՝ արտացոլելով հերոսներուն զգացումներն ու ներաշխարհը։ Յատկապէս յիշարժան են ձնառատ լեռնային տեսարանները, որոնք ֆիլմին կը հաղորդեն գեղանկարչական իւրայատկութիւն։

Գրեթէ դար մը ետք «Visages d’enfants»-ը կը շարունակէ յուզել եւ հետաքրքրել հանդիսատեսը՝ ապացուցելով, որ մարդկային զգացումներու, ընտանեկան յարաբերութիւններու եւ կորստի մասին պատմութիւնները ժամանակի սահմաններ չեն ճանչնար։ Այս ֆիլմը կը համարուի ոչ միայն ֆրանսական, այլեւ համաշխարհային ֆիլմարուեստի կարեւորագոյն էջերէն մին եւ կը շարունակէ իր արժանի տեղը գրաւել ֆիլմի պատմութեան լաւագոյն ստեղծագործութիւններու շարքին։