Հեռախոսահամար
ապր 04, 2025 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանը, մարտ 28-ին, հիւրընկալեց յայտնի բարերար ու հաւաքորդ Տենիս ֆոն Մեքը։ Ան հանդէս եկաւ «Չայքովսկին աշխարհի քարտէսին վրայ» խորագրով հանրային բանախօսութեամբ։
Ընտանեկան պատմաբանը, ինչպէս Տենիս ֆոն Մեքը ինքզինք կ'անուանէ, միջոցառման մասնակիցներուն ներկայացուց իր հիմնադրած «Նատեժտա ֆոն Մեքի անուան միջազգային բարեգործական հիմնադրամի» գործունէութիւնը, պատմեց Նատեժտա ֆոն Մեքի եւ Փիոթր Իլիչ Չայքովսկիի երկարամեայ մտերմութեան մասին, կենսագրական դրուագներ պատմեց Ֆոն Մեքերու, Չայքովսկիներու, ռազմական գրող, բանաստեղծ, զօրավար-փոխգնդապետ Տենիս Տաւիտովի եւ հայ մեծ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի միջեւ առնչութիւններուն մասին։
Տենիս ֆոն Մեքը նշեց, որ Չայքովսկին 5 անգամ ճամբորդած է Կովկասի մէջ, գտնուած է Թիֆլիս։ Թիֆլիս իր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին գտնուած է հայկական եկեղեցւոյ մը մէջ, ուր անոր վրայ մեծ տպաւորութիւն ձգած են հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնն ու երգեցողութիւնը։ Բանախօսը Ազգային գրադարանին նուիրեց իր բարեգործական հիմնադրամի եւ իր կազմած ու խմբագրած գիրքերէն, որոնք կը պատմեն ֆոն Մեք տոհմի, ինչպէս նաեւ մեծ երաժշտագէտի մասին։