Հեռախոսահամար
հլս 29, 2024 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ
Այսօր ամերիկացի սիրուած գրող Էռնեսթ Հեմինկուէյի ծննդեան 125-ամեակն է: Անոր գրական ոճը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է 20–րդ դարու արձակին վրայ։ Հեմինկուէյը իր վէպերուն ու պատմուածքներուն մեծ մասը գրած է 1920-1950 թուականներուն: Հրատարակած է եօթը վէպ, պատմուածքներու վեց ժողովածոյ եւ երկու ոչ գեղարուեստական աշխատութիւն։
1954 թուականին գրականութեան ասպարէզէն ներս Նոպէլեան մրցանակ ստացած է «Պատմելու արուեստի իր վարպետութեան համար, որ բոլորովին վերջերս ցուցադրուած է «Ծերունին եւ ծովը» գիրքին մէջ, եւ այն ազդեցութեան համար, որ ան գործադրած է ժամանակակից ոճին վրայ»: Հեմինկուէյի ստեղծագործութիւններէն հայերէն թարգմանուած են «Հրաժեշտ զէնքին», «Որո՛ւ մահը կը գուժէ զանգը», «Ծերունին եւ ծովը», «Եւ կը ծագի արեւը (Ֆիեսթա)» եւ այլ գիրքեր: Յուլիս 22-էն մէկ ամիս Հայաստանի ազգային գրադարանի Թամանեանական մեծ ցուցասրահէն ներս պիտի գործէ Հեմինկուէյի ստեղծագործական կեանքին նուիրուած ցուցահանդէս: Մուտքը՝ Տէրեան փողոցէն: