Հեռախոսահամար
մյս 21, 2025 Սինէ-ակումբ

«Գրպանահատը» Ռոպէր Պրեսոնի մեղմ, միեւնոյն ատեն խիստ ֆիլմն է՝ մարդու մենութեան, մեղքի եւ ներքին ճեղքուածութեան մասին։ Տոսթոյեւսքիի «Ոճիր եւ պատիժ» վէպին ազատ մեկնաբանութեամբ՝ գլխաւոր հերոսը՝ Միշէլը, մարդասպան չէ, այլ գրպանահատ, սակայն անոր յանցագործութիւնները նոյնպէս կը բխին հոգեբանական խոր մղումներէ։ Պրեսոնի ձեռագիրը այստեղ առաւելագոյնս նուազապաշտական է։ Երկխօսութիւններու փոխարէն՝ ձեռքի շարժումներ, դերասանական խաղի փոխարէն՝ մեքենական վարքագիծ։ Ֆիլմը դիտողը կը թողու դիտորդի դերին մէջ՝ առանց յոյզերու ուղղակի ներգրաւման։
«Գրպանահատը» Պրեսոնի ֆիլմագրութեան ամենախիստ ու խտացուած գործերէն է, ուր յանցագործութիւնը կը դառնայ փիլիսոփայական խնդիր, իսկ շարժումը՝ լեզու։
