ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէսը | հոկտեմբեր

նմբ 13, 2023 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

Oct 2023 Map in Armenian 
 

Շուրջ մէկ տարի է՝ Հայաստանի հանրային գրադարաններուն ամէնէն պահանջուած գիրքերու ցուցակներուն յառաջատար դիրքերուն վրայ են Ակաթա Քրիստիի վէպերը։ Հոկտեմբերին արկածախնդրութեան թագուհիին վէպերէն 11-ը նշուած են տարբեր գրադարաններու ցուցակներուն վրայ, որոնցմէ «Ծռմռած տունը» (Crooked House) եւ «Մեծ քառեակը» (The Big Four) յայտնուած են ամսուան ամէնէն շատ սպասարկուած գիրքերու տասնեակին մէջ։ 

Նախորդ ամիսներուն համեմատ, գրադարաններուն հոկտեմբերեան ցուցակներուն վրայ այլեւս շեշտուած չէ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներով յանձնարարուած գրականութեան ներկայութիւնը։ Դասական հայ գրողներուն գործերէն յիշատակենք Խաչատուր Աբովեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Գաբրիէլ Սունտուկեանի, Մուրացանի, Նար-Դոսի, Շիրուանզադէի, Բակունցի, Խաչիկ Դաշտենցի գիրքերը։ Ալեքս Մայքլիտիս, Էրիխ Մարիա Ռեմարք, Խալետ Հոսէյնի, Մարք Լեւի, Ճոն Կրին, ՃոՃօ Մոյես. ասոնք այն հեղինակներն են, որոնք գրադարաններու ցուցակներուն վրայ ներկայացուած են մէկէ աւելի գիրքերով, եւ որոնց վէպերուն նկատմամբ ընթերցողական հետաքրքրութիւնը չի նուազիր։ Ճոն Կրինի «Աստղերն են մեղաւոր» վէպը հաւանաբար ոչ մէկ գրադարանէ ներս դարանին վրայ կը մնայ, եւ միշտ կը շրջանառուի։ 

Գրադարանային ցուցակներուն վրայ հայ ժամանակակից արձակը ներկայացուած է բազմաթիւ հեղինակներով. Անի Միրզոյեան, Անուշաւան Պօղոսեան, Աշոտ Աղապապեան, Արամ Պաչեան, Գոհար նաւասարդեան, Դաւիթ Սամուէլեան, Էտկար Կոստանդեան, Էտկար Յարութիւնեան, Օֆելի Տալաքեան, Ռուբէն Եսայեան։ Թուարկուած հեղինակներէն մի քանին արդէն ճանչցուած գրողներ են, միւսները՝ տակաւին երկար ճանապարհ պէտք է անցնին գրական բարձունք հասնելու համար։ Ընթերցանութիւնը մշտանորոգ ընթացք մը ունի։ Ժամանակակից գրողները կու գան իրենց տեղը զբաղեցնելու դասականներուն կողքին։ Սակայն ամենակուլ ժամանակը հանրային գրադարաններու դարաններուն վրայ այդ հեղինակներուն միայն մէկ մասը կը պահէ։