ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէս | յունուար

սպտ 05, 2023 Նորություններ-arm Հայաստանյան տասնյակ

Untitled design (10)
 

Այս քարտէսը ցոյց կու տայ, թէ ո՛ր գիրքերը եղած են Հայաստանի մարզային գրադարաններուն 2023-ի յունուարին սպասարկուած գեղարուեստական գիրքերուն լաւագոյն տասնեակներու առաջին հորիզոնականին վրայ: Երկու կրկնուող հեղինակ կայ. Ալեքս Մայքլիտիսը եւ Ակաթա Քրիստին: Արագածոտնի եւ Արմավիրի մարզերուն մէջ ընթերցողները առաւել յաճախ գրադարանէն փոխառած են կիպրական ծագմամբ բրիտանացի գրող Ալեքս Մայքլիտիսի «Կոյսերը» եւ «Լռակեաց հիւանդը» վէպերը: «Լռակեաց հիւանդը» Մայքլիտիսի առաջին վէպն է: 2019 թուականին անիկա «Ամազոն» առցանց գրախանութի ամէնէն շատ վաճառուած 2-րդ գեղարուեստական գիրքը եղած է: «Կոյսերը» վէպը հոգեբանական արկածախնդրութիւն է՝ Քեմպրիճի համալսարանէն ներս տեղի ունեցած սպանութիւններու ցանցին մասին։ Մայքլիտիսի վէպերը տեղ գտած են նաեւ Արարատի, Լոռուայ եւ Վայոց ձորի մարզային գրադարաններու տասնեակներուն մէջ:  


Ամէնէն կարդացուող հեղինակը արկածախնդրութեան թագուհի Ակաթա Քրիստին է: Անոր գիրքերը ընդգրկուած են 9 մարզային գրադարաններու լաւագոյն տասնեակներուն մէջ: Գեղարքունիքի, Տաւուշի, Վայոց ձորի, Արագածոտնի մարզային գրադարաններուն մէջ Ակաթա Քրիստին ներկայացուած է մէկէ աւելի, իսկ Կոտայքի մէջ՝ անգամ չորս գիրքով: Պատահական չէ, որ «Սպանութիւն կոլֆի դաշտին մէջ» վէպը Կոտայքի, իսկ «Սպանութիւն արեւելեան ճեպընթացին մէջ» վէպը Շիրակի տասնեակները կը գլխաւորեն: Ընթերցողները նախապէս կը հերթագրուին ամերիկացի գրողներ Ճոն Կրինի «Աստղերն են մեղաւոր» եւ Խալետ Հոսէյնիի «Օդապարուկ թռցնողը», ինչպէս նաեւ գերմանացի գրող Շամիսսո ֆոն Ալտելպերթի «Փեթէր Շլեմիլի զարմանալի պատմութիւնը» վէպերը առնելու համար:  


Երեք մարզերու մէջ ցուցակներու յառաջատար հեղինակները հայ գրողներ են: Սիւնեցիները կը գերադասեն Ստեփան Զօրեանի «Պատմուածքներ եւ վիպակներ» ժողովածոն, իսկ Վայոց ձորի մէջ՝ Վարդգէս Պետրոսեանի «Վերջին ուսուցիչը» վիպակը: Ժամանակակից հեղինակ Գոհար նաւասարդեանի վէպերը տեղ գտած են Արագածոտնի, Արարատի, Լոռուայ, Շիրակի եւ Տաւուշի ցուցակներուն վրայ, իսկ Արարատի մէջ՝ անոր «Սիրելէն յետոյ» վէպը ամէնէն պահանջուածն է: Լաւագոյն տասնեակներուն մէջ ժամանակակից հայ գրողներէն ընդգրկուած են նաեւ Աշոտ Աղաբաբեանը, Յովիկ Աֆեանը, Մարգարիտ Դերենցը, Նարինէ Աբգարեանը, Սիւնէ Սեւադան եւ ուրիշներ: