ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէսը | օգոստոս

սպտ 12, 2023 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

Untitled design - august   
 

«Օգոստոս... Երկինքը սարերէն ներքեւ։ Մեղուները ծոյլ են ու դանդաղոտ։ Գիշերները անտանելիօրէն անխռով են, իսկ առաւօտեան կողմ այնքան ցօղ կ'ըլլայ, որ հաւաքես՝ բուռդ կը լեցուի։ - Ամառուան մէջքը կոտրուած է, - կ'ըսէ Տատան։ Մնաս բարով, ամառ, մնաս բարով»։ Նարինէ Աբգարեան, «Զուլալի» Հայաստանեան գրադարաններու՝ օգոստոսին ամէնէն շատ ընթերցուած գիրքերու ցանկին վրայ «Զուլալին» է։ Հայաստանի մարզային, հանրային եւ համայնքային գրադարաններուն մէջ 2023-ի օգոստոսին ամէնէն շատ սպասարկուած գիրքերու ցուցակին վրայ ներառուած է 91 գիրք։ Ատոնցմէ 17-ն կը հանդիպին մէկէ աւելի գրադարաններու տասնեակներուն մէջ։ Ամէնէն շատ ընթերցուող հեղինակներու ցուցակին յառաջատարը Ակաթա Քրիստին է՝ 8 գիրքով, որուն կը յաջորդեն Ռեմարքը եւ Գոհար նաւասարդեանը՝ 3-ական, իսկ Նարինէ Աբգարեանը, Ալպէր Քամյուն, Տոստոյեւսկին, Էլիֆ Շաֆաքը, Ժիւլ Վեռնը, Մարք Լեւին եւ Ֆիցճերալտը՝ 2-ական գիրքով։ 

Դպրոցականներու ամառնային արձակուրդին բերումով՝ գրադարաններու ցուցակներուն վրայ կը գերիշխեն հայ դասական գրողները՝ Բակունցը, Դեմիրճեանը, Զօրեանը, Րաֆֆին, որոնք ներկայացուած են տարբեր գիրքերով եւ հրատարակութիւններով։ Հայաստանի օգոստոսեան գրքային քարտէսը զարդարուած է 10 հայ գրողներու գիրքերու շապիկներով, որոնք ամէնէն շատը սպասարկուած են տուեալ մարզին եւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։ Ակաթա Քրիստիի «Արեւելեան ճեպընթացը», երկու ամիսներ շարունակ, Լոռուայ մարզային գրադարանէն ներս կը գլխաւորէ ամէնէն շատ սպասարկուած գիրքերու ցուցակը։ Առաջին անգամ ըլլալով յառաջատար գիրքերու տասնեակին մէջ յայտնուած է սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն մէկը՝ Շահան Շահնուրը, որուն՝ սփիւռքահայերու ուծացման վտանգի մասին «Նահանջը առանց երգի» վէպը Արմավիրի մարզային գրադարանէն ներս ամսուան ամէնէն ընթերցուած գիրքն է։  

Արարատի մարզային գրադարանէն ներս նոյնպէս մինչ այժմ տասնեակներուն մէջ չընդգրկուած հեղինակ մը ունինք։ Գրիգոր Բալասանեանի «Պատուհանի տակ ծղրիդը կ'երգէ» վէպը երիտասարդի մը դեգերումներու, կեանքին մէջ իր տեղը գտնելու, կոչման արժանի ըլլալու անոր յամառութեան ու վճռակամութեան պատմութիւնը։