Հեռախոսահամար
մրտ 25, 2026 Միջոցառումներ

Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ նշանաւոր արձակագիր, արտառոց թատրոնի հիմնադիրներէն Արթուր Ադամովի «Մարդը եւ երեխան» վէպի հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը։ Գիրքը լոյս ընծայած է «Ալեֆ» հրատարակչութիւնը։ Միջոցառումը մեկնարկեց ՀԱԳ տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ Հայկանոյշ Ղազարեանի ողջոյնի խօսքով՝ կարեւորելով Ադամովի գրական ժառանգութեան ներկայացումը հայ ընթերցողին։ Ան շեշտեց նաեւ նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը՝ սփիւռքահայ գրականութեան արժեւորման եւ մշակութային կապերու ամրապնդման ծիրէն ներս։
Հայաստանի Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Զարեհ Սինանեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի սփիւռքի ներուժի քարտէսագրման եւ ներգրաւման վարչութեան պետ Կարէն Աւանէսեանը։ Հանդիպման ընթացքին համագործակցութեան եւ Երեւանի մէջ «Ադամովեան օրերու» նախաձեռնութեան կարեւորութեան մասին խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆրանսական հիմնարկի տնօրէն Զաւիէ Ռիշարը։ Գիրքի թարգմանիչ Սաթէ Խաչատրեանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ յատկապէս «Մարդը եւ երեխան» վէպի խորքային հոգեբանական եւ ինքնաճանաչողական բնոյթին՝ ընդգծելով, որ անիկա ոչ միայն ինքնակենսագրական պատմութիւն է, այլեւ մարդու ներաշխարհի բարդ շերտերու բացայայտման փորձ։
Արթուր Ադամովի «Մարդը եւ երեխան / L’homme et l’enfant» ինքնակենսագրական վէպը գրուած է հեղինակի կեանքի ծանր՝ երկարատեւ եւ տանջալի հիւանդութեան շրջանին։ Անիկա իւրօրինակ կերպով կը միաւորէ յիշողութեան մշուշոտ, յաճախ ցաւագին պատկերները այն դաժան եւ ճնշող իրականութեան հետ, որուն մէջ կ'ապրէր ու կը ստեղծագործէր հեղինակը։
Վէպին մէջ ճանաչելի եւ երբեմն անճանաչելի կերպարներով կը ներկայանան Ադամովի մտերիմ ու ազդեցիկ ժամանակակիցները, որոնք հանդէս կու գան ոչ միայն որպէս կենսագրական դէմքեր, այլեւ որպէս ամբողջ մտաւորական եւ հոգեւոր միջավայրի խորհրդանիշներ։ Ստեղծագործութեան առանցքը հեղինակի ներաշխարհն է․ Ադամովը մանրամասնօրէն կը քննէ իր տառապանքը՝ զայն դիտարկելով ոչ միայն որպէս ֆիզիքական կամ հոգեկան ցաւ, այլեւ որպէս ինքնաճանաչման միջոց։ Ան անխնայ կը վերլուծէ իր անձը, վախերը, մեղքի զգացումը, օտարումն ու ներքին երկփեղկուածութիւնը՝ վերածելով վէպը ինքնախոստովանութեան եւ հոգեբանական իւրօրինակ հարցաքննութեան, ուր ինքն է միաժամանակ մեղադրեալը, դատաւորը եւ վկան։Ելոյթներուն հետեւեցաւ գիրքի քննարկումը. Սաթէ Խաչատրեանը, գիրքի խմբագիր Արմէն Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ արձակագիրներ Արամ Աւետիսը եւ Երուանդ Վարդանեանը հանդիսատեսին ներկայացուցին ստեղծագործութեան գրական, լեզուական եւ գաղափարական առանձնայատկութիւնները։
Միջոցառումը իրականացուեցաւ «Ադամովեան օրերը Հայաստանի մէջ» նախագծի շրջանակէն ներս՝ միաւորելով գրականագէտները, ընթերցասէրները եւ Ադամովի ստեղծագործութեան գնահատողները։ Միջոցառման զուգահեռ, Հայաստանի ազգային գրադարանի փոքր ցուցասրահին մէջ բացուած էր նաեւ գրականութեան ցուցադրութիւն, ուր ներկայացուած էին ՀԱԳ հաւաքածոներուն մէջ պահուող գիրքեր, ամսագիրներ եւ յօդուածներ՝ նուիրուած Արթուր Ադամովին եւ անոր ստեղծագործական ժառանգութեան։
