Հեռախոսահամար
մրտ 23, 2025 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Փետրուար 24-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքի երկրորդ յարկի օղակաձեւ սրահին մէջ Մայրենիի օրուան նուիրուած «Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդումը մեր օրերուն» խորագրով հանրային բանախօսութիւն մը վարեց ԵՊՀ դասախօս, ուսուցիչ, գրականութեան 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու դասագիրքերու եւ ձեռնարկներու համահեղինակ Արսէն Վարդանեանը։
Բանախօսը նախ ներկայացուց կրթութեան նպատակներու եւ սկզբունքներու մասին իր մօտեցումները, ապա բանախօսութեան մասնակիցներուն հետ քննարկեց մեր օրերուն դպրոցներուն մէջ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդման շարք մը հարցեր։ Արսէն Վարդանեանը խօսեցաւ նաեւ արդի մարտահրաւէրներու, մասնաւորապէս ամէնէն գլխաւոր մարտահրաւէրին՝ արհեստական բանականութեան մասին:
Հանդիպման ներկայ էին ուսուցիչներ, գրադարանավարներ, գրականագէտներ, ինչպէս նաեւ «Կլոպալ պրիճ» կրթահամալիրի 11-րդ դասարանի խումբ մը աշակերտներ, որոնք եկած էին մասնակցելու իրենց ուսուցիչին բանախօսութեան։ Արսէն Վարդանեանը պատասխանեց հանդիպման մասնակիցներուն հետաքրքրող բազմաթիւ հարցերու, պարզաբանեց իր համահեղինակութեամբ կազմուած գրականութեան դասագիրքին մէջ նիւթերու ընտրութեան եւ մատուցման մեթոտները։ Դպրոցականները շրջայց կատարեցին գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքին մէջ, այցելեցին ընդհանուր ընթերցասրահը եւ Ազգային գրադարանի պատմութեան ցուցասրահը։