ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ալեքսանդր Տումա որդի 200

օգս 05, 2024 Նորութիւններ

dyuma 
 

Այսօր ֆրանսացի նշանաւոր գրող Ալեքսանդր Տումա որդւոյն ծննդեան 200-ամեակն է։ Ան առաւել յայտնի է իր «Քամելիազարդ տիկինը» վէպով (1848, ֆր.՝ La Dame aux camélias)։ Տումա որդին սկսած է ստեղծագործել 18 տարեկանին։ 1847 թուականին լոյս տեսած է անոր առաջին բանաստեղծական ժողովածոն՝ «Երիտասարդութեան մեղքերը» (Péchés de jeunesse), որուն յաջորդեցին շարք մը փոքրիկ վիպակներ եւ պատմուածքներ, որոնք մասամբ կրած են իր հռչակաւոր հօր ազդեցութիւնը։ Տումայի տաղանդը ամբողջութեամբ դրսեւորուեցաւ միայն այն ժամանակ, երբ ան անցաւ հոգեբանական տրամաներ գրելուն։ Ատոնց մէջ ան անդրադարձած է իր ժամանակի ընկերային եւ ընտանեկան կեանքի խնդիրներուն եւ լուծած ր զանոնք իւրովի, խիզախութեամբ ու տաղանդով, ինչ որ անոր իւրաքանչիւր թատերակի բեմադրութիւնը կարեւոր հասարակական իրադարձութիւն կը դարձնէր։

Այդ փայլուն տրամաներու շարքը բացուեցաւ «Քամելիայի տիկինը» թատերակով, որ սկզբնապէս գրուած է որպէս վէպ, իսկ 1852 թուականին գրաքննութեան դէմ հեղինակի յամառ պայքարէն ետք, որ թատերակը չէր արտօնուած՝ զայն սեպելով չափազանց անբարոյական: Յաջողութեան եւ ճանաչման հասնելէ ետք, Տումա որդին մեծ աշխատանք կատարած է միայնակ մայրերու, ամուսնալուծուած կանանց եւ արտամուսնական կապէն ծնած երեխաներու իրաւունքները պաշտպանող օրէնքներ մշակելու եւ յառաջ մղելու համար: Մեր օրերուն նոյնպէս Տումա որդւոյն «Քամելիազարդ տիկինը» վէպը Հայաստանի գրադարաններուն մէջ առաւել շատ ընթերցուող գիրքերու շարքին է։