Հեռախոսահամար
օգս 28, 2025 Նորութիւններ

Հայաստանի մէջ Սարոյեանական օրերու շրջանակէն ներս Հայաստանի ազգային գրադարանը կը կազմակերպէ «Ուիլիամ Սարոյեանը Ազգային գրադարանէն ներս» խորագրով միջոցառում մը։ Անիկա միտուած է բացայայտելու Ուիլիամ Սարոյեանի ստեղծագործութեան՝ աշխարհի տարբեր տպագրավայրերուն մէջ հայերէն թարգմանութիւններու համապատկերը, բացայայտելու Սարոյեան-արձակագիրը, մտաւորականը, քաղաքացին, հասարակական գործիչը։ Սեպտեմբեր 8-ին, ժամը՝ 14:00-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս պիտի բացուի «Սարոյեանի մշակութային ազդեցութիւնը եւ հայերէն հրատարակութիւնները» խորագրով գրականութեան ցուցահանդէսը։
Ցուցահանդէսի խորագիրներն են՝ - «Ուիլիամ Սարոյեանի՝ հայկական սփիւռքի կեդրոններու եւ Հայաստանի մէջ լոյս տեսած թարգմանական հրատարակութիւններ»: - «Ատենախօսութիւններ՝ պաշտպանուած հայկական համալսարաններու եւ գիտահետազօտական հիմնարկներու մէջ՝ նուիրուած Ուիլիամ Սարոյեանի գրականութեան, ինքնութեան ու ոճին»: - «Հայաստան չորս այցելութիւններու մասին հրապարակումները եւ իր ստեղծագործութիւններու հայերէն թարգմանութիւնները հայկական պարբերականներուն մէջ»: - «Ուիլիամ Սարոյեանի հրատարակութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 1991-2025 թուականներուն»: - «Անտարես» հրատարակչութիւն, բնագրի լեզուէն թարգմանութիւններ երեք տարբեր մատենաշարերով (Նոր հրատարակութիւնները պիտի ներկայացնեն Զաւէն Պոյաճեանն ու Արքմենիկ Նիկողոսեանը):
Միջոցառման շրջանակէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Ուիլիամ Սարոյեան» թուային հաւաքածոյի շնորհանդէս (Հայաստանի գրադարաններու համահաւաք գրացուցակ https://armunicat.nla.am/)։ Պիտի ներկայացուի նաեւ «ARLOOPA» յաւելուածով «Սարոյեանը» փոխգործուն «AR» փորձառութիւնը. պիտի տեսնենք Սարոյեանը, պիտի լսենք անոր ձայնը։ Հայաստանի ազգային գրադարան Տէրեան 72, Մեծ դահլիճ Մուտքը՝ ազատ Հեռ.՝ 033 62 35 13
