Հեռախոսահամար
հլս 22, 2024 Նորութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանի պետական կարգավիճակ ստանալու 105 ամեակին նուիրուած միջոցառման ծրագրի շրջանակէն ներս աշխատանքային երկարամեայ գործունէութեան եւ գրադարանային ոլորտէն ներս ներդրած աւանդին համար պարգեւատրուեցան գրադարանի խումբ մը աշխատակիցներ։
Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը շնորհաւորական ուղերձով մը հանդէս եկաւ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով գրադարանի աշխատակիցներուն անձնուէր ու սրտացաւ աշխատանքին համար։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ գրադարանը միայն պատերը չեն, այն կենդանի կառոյց մըն է, գրադարանը մարդիկ են՝ աշխատակիցները, ընթերցողները եւ գրադարանին բարեկամները։
Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս, անխօս, նուիրեալներ են։ Ատիկա կը վկայէ անոնց 20, 30, 40 եւ աւելի տարիներու աշխատանքային գործունէութիւնը։ Միջոցառման աւարտին Հայաստանի ազգային գրադարանի գիտական աշխատանքներու գծով տնօրէնի տեղակալ Հայկանոյշ Ղազարեանը աշխատակիցներուն ներկայացուց Ազգային գրադարանի պատմութեան նորաբաց ցուցասրահը։