ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Փոխըմբռնման յուշագրի կնքում Հայաստանի ազգային գրադարանի եւՀայֆիլհարմոնիքի միջեւ

ապր 29, 2024 Նորություններ-arm Պաշտոնական

փոխըմռնմանհուշագիր

Ազգային գրադարանային շաբթուան շրջանակէն ներս, ապրիլ 22-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական փոքր ցուցասրահին մէջ բացուեցաւ «Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբ» ՊՈԱԿ-ի՝ վերջին 20 տարուան տպագրուած համերգային ազդագիրներու, գրքոյկներու, հրաւիրատոմսերու, ապարանքի ցուցադրութիւն:

Գրադարանին աշխատակիցներն ու հիւրերը ծանօթացան ցուցադրուած նիւթերուն, որուն յաջորդեց Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Հայֆիլհարմոնիքի միջեւ համագործակցութեան յուշագրի ստորագրման պաշտօնական արարողութիւնը։

ֆիլհ2

Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի արխիւի պետ Ելենա Խոտիկեանը ներկայացուց Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի շուրջ միդարեայ պատմութիւնը: Ֆիլհարմոնիքը 1925 թուականի մարտին հիմնադրած է Երեւանի երաժշտանոցի տնօրէն Արշակ Ադամեանը՝ երգահան Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անմիջական մասնակցութեամբ եւ աջակցութեամբ:

ֆիլհարմոնիա4

Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 100-ամեակին ընդառաջ Հայաստանի ազգային գրադարանը կը նախատեսէ թուայնացնել ֆիլհարմոնիք նուագախումբի տպագիր ժառանգութիւնը եւ առանձին շտեմարան մը ձեւաւորել։ Անկէ զատ, Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբն ու Հայաստանի ազգային գրադարանը համատեղ հրատարակութեան կը պատրաստուին նուագախումբին վերջին 20 տարիներու տարեգրութիւնը։