Հեռախոսահամար
հնվ 23, 2025 Նորութիւններ
Օրերս Քահիրէի ՀԲԸՄ արխիւներու եւ գրադարանի պատասխանատու եւ «Տեղեկատու»-ի խմբագիր Մարուշ Երամեանը գիրքեր նուիրած է Հայաստանի ազգային գրադարանին։
Գիրքերը 2024 թուականին Քահիրէի մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւններ են, որոնք գրադարանը չունէր։ Բազմաթիւ առիթներով գրած ենք, որ սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող հրատարակութիւնները ազգային գրադարանային հաւաքածոյին մաս կը կազմեն գլխաւորաբար սփիւռքահայ նուիրատուներու միջոցաւ։ ՀԲԸՄ Քահիրէի «Տեղեկատու»-ն եւ առհասարակ սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող հրատարակութիւնները անփոխարինելի աղբիւր են տեղեկանալու մեր հայրենակիցներուն կողմէ աշխարհի տարբեր անկիւնները լոյս տեսնող հայերէն եւ հայագիտական հրատարակութիւններուն մասին, որոնք գրադարանը կ'օգտագործէ յետադարձ համալրում կատարելու համար։
Շնորհակալ ենք Մարուշ Երամեանին իր նուիրատուութեան եւ Ազգային գրադարանի համալրման աջակցութեան համար։