Հեռախոսահամար
հլս 15, 2025 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանը կը շարունակէ համագործակցութիւնը Սփիւռքի հայկական գաղթավայրերու մշակութային-գիտական հաստատութիւններու հետ: Օրերս Գրադարանէն ներս հիւրընկալած էինք Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն դոկտոր Անդրանիկ Տաքէսեանը:
Դոկտոր Անդրանիկ Տաքէսեանի եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանի միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան հնարաւոր ուղիներ, համատեղ ծրագիրներու իրականացման հեռանկարներ, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական եւ գիտական պաշարներու փոխանակման ձեւաչափեր։ Կողմերը կարեւորած են նման փոխայցելութիւններու շարունակականութիւնը եւ հաստատուն գործընկերային կապի պահպանումը՝ ի նպաստ հայկական գիտամշակութային բնագաւառի զարգացման եւ հզօրացման։ Սփիւռքահայ կրթական կառոյցներու շարքին ուրոյն տեղ ունի հայկական սփիւռքի միակ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը: Անիկա կ՚առանձնանայ՝ ինչպէս Լիբանանի եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ համայնքներու, այնպէս ալ հայ աւետարանական կրթական կառոյցներու մէջ:
1970 թուականէն համալսարանը կը հրատարակէ «Հայկազեան հայագիտական հանդէսը»: Անիկա կը ծանօթացնէ նորայայտ հայկական ձեռագիրներուն, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հրատարակուող հայագիտական գործերուն, տեղեկութիւններ կը հաղորդէ հայագիտութեան նուիրուած միջազգային համաժողովներու մասին։ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի բոլոր համարները հասանելի են Հայաստանի ազգային գրադարանի «Հայ մամուլ» ելեկտրոնային շտեմարանին մէջ https://is.gd/s9KRrW: